Աւետիս Ահարոնեան ծնած է 1866ին: Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը
եւ զայն աւարտելէ անմիջապէս ետք եղած է ուսուցիչ: Ապա մեկնած է Զուիցերիա
եւ աւարտած՝ Լոզանի Համալսարանի Պատմափիլիսոփայական բաժինը: Ահարոնեան
Լոզանէն ետք, անցած է Փարիզ եւ հետեւած՝ Սորպոն համալսարանի գրականութեան
ճիւղին եւ 1898-1901 թուականներուն արժանացած է ֆրանսական համալսարանի մրցանակին:
Աւետիս Ահարոնեան եղած է նշանաւոր գրող: Իր վիպակներուն եւ պատմուածքներուն մէջ
անդրարդարձած է ազգագրական պայքարին եւ ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին
տառապած հայերուն մասին: Այս իմաստով շատ հետաքրքրական է կարդալ «Խայը» եւ
«Արիւնոտ թթխմորը»:
Խաչատուր Աբովեանէն ու Րաֆֆիէն ետք, Աւետիս Ահարոնեան կը նկատուի որպէս յեղափոխաշունչ
գրող: Ան իր գրութիւններով ներշնչած է սերունդներ եւ անոնց մէջ դրած բռնակալին դէմ
պայքարելու ոգին: Իր ազատամիտ գաղափարներուն պատճառով, ձերբակալուած է ցարական
կառավարութեան ժամանակ 1909ին, դրուած է Մետեխի բանտը եւ ծանրօրէն հիւանդացած: Վճիռը
արձակուած էր՝ պիտի գնդակահարուէր, սակայն շնորհիւ Ֆրանսայի դաշնակցականներուն,
ազատ արձակուած է եւ անցած Եւրոպա:
Աւետիս Ահարոնեան եղած է նաեւ քաղաքական գործիչ: 1918ին Հայաստանի Հանրապետութեան
ստեղծման ժամանակ, Ահարոնեան ընտրուած է խորհրդարանի նախագահ: Եւ իբրեւ
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ, 1920 Օգոստոս 10ին, Սեւրի մէջ
ստորագրած է խաղաղութեան միջազգային դաշնագիրը եւ մասնակցած է Լոնտոնի (1921) եւ
Լոզանի (1922) խորհրդաժողովներուն: Յիշեցնենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը հայ ժողովուրդի
մեծագոյն յաղթանակներէն մէկն էր: Այս դաշնագրով Թուրքիա եւ եւրոպական պետութիւններ
ընդունեցին Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, Միացեալ Նահանգներու
նախագահ Ուիլսընի քարտէսով:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Ահարոնեան հաստատուեցաւ Ֆրանսա: Եւ1934ին
Մարսէյլի մէջ, Համազգայինի Ճեմարանին նուիրուած հանդէսի մը ընթացքին բանախօսելու ատեն,
բեմին վրայ կաթուածահար եղաւ եւ 14 տարի շարունակ մնաց հիւանդ՝անկարող խօսելու ու գրելու,
ապա մահացաւ 1948ին:
«Աշխարհի մէջ չկայ մի ուրիշ ժողովուրդ, որ այնքա՜ն ուժգին, այնքա՜ն մտերիմ կերպով կապուած
լինի իր հողին, որքան հայը։ Ես իմ ազգը չեմ համեմատում ոչ մէկ ազգի հետ, եւ հայը ոչ մէկ
ուրիշ ազգի առջեւ գլխարկը հանելու պէտք չունի», ըսած է Աւետիս Ահարոնեան