Ձեզմէ շատերը այցելած են Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը եւ տեսած
են այնտեղ պահուող ձեռագիր մատեաններու էջերուն՝ վառ կարմիր մանրանկարները:
Իսկ գիտէ՞ք արդեօք, որ այդ մանրանկարներուն համար օգտագործուած է Արարատեան որդան
կարմիրէն ստացուած ներկը:
Հայաստանի մէջ տարածուած է 3 տեսակ որդան կարմիր, որոնցմէ ամենաարժէքաւորը Արարատեան
Որդան կարմիրն է:
Որդան կարմիրը ներկատու (ներկ տուող) միջատներէն ամենախոշորն է, էգ որդաններու մարմնի
երկարութիւնը 4-12 մմ է, արուներունը՝ 2-3 մմ:
Ներկանիւթ ստանալու համար կ’օգտագործեն էգերը, եւ կը հաւաքեն հողի մակերես դուրս ելլելէն ետք՝ Սեպտեմբեր-Հեկտեմբեր ամիսներուն։
Ներկը շատ կայուն է ժամանակի, լոյսի եւ այլ ազդեցութիւններու տակ: Մէկ հեքտար մակերեսէն
կարելի է հաւաքել 25-30 քկ միջատ:
Հայկական որդան կարմիրէն կը ստանային բոլոր երանգները, սակայն յատկապէս յարգի էր յագեցած
կարմիր գոյնը:
Այսօր կը փորձեն վերականգնել բոսորագոյն կարմիրի ստացման կորսուած բաղադրութիւնը, սակայն
չեն յաջողիր` գոյնը կը փոխուի:
Այդ կարմիր գոյնի համար որդան կարմիրի միջատները լատիներէն անուանած են Porphyrophora`
«արքայական ծիրանի», որովհետեւ անով կը ներկէին արքայական ու իշխանական հագուստները:
Հայկական որդան կարմիրով հիմք դրուած է կարմիր թանաքով ստորագրութեան, որ արքաներու եւ կաթողիկոսներու մենաշնորհն էր:
Անոնցմէ կը պատրաստուէին նաեւ հակաբորբոքային եւ ջերմիջեցնող դեղամիջոցներ:
Գորգագործութենէն բացի, ներկայիս Որդան կարմիրը կ’օգտագործուի թանկարժէք խնամքի
միջոցներու արտադրութեան մէջ:
Որդան կարմիրը կը պահպանուի արգելոցի մէջ՝ Արազափ գիւղին մօտ, սակայն արգելոցը
չ’ապահովեր միջատի լիարժէք պահպանութիւնը։
Որդան կարմիրը գրանցուած է կարմիր գիրքին մէջ:
Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան