
Եթէ մանր իրեր կը սիրէք, անոնց հետ կարելի է ծանօթանալ Micro Art թանգարանին մէջ
(Երեւան, Աբովեան 8 հասցէին)։
Այնտեղ, դուք կը տեսնէք օրինակ՝ բրինձի կիսուած հատիկին վրայ նկարուած պատկեր,
ասեղի անցքին մէջ տեղադրուած քանդակ եւ այլն։
Այս գաղափարին հեղինակը՝ Էդուարդ Տէր-Ղազարեանն է, ան յետագային իր թոռնիկին հետ
շարունակած է այս աշխատանքը։
Միտքը Էդուարդ Տէր-Ղազարեանի մօտ առաջին անգամ ծագած է, երբ անոր ընկերը խնդրած է
փոքրիկ աղջկան համար ջութակ մը պատրաստել, քանի որ երեխան 4 տարեկան էր եւ բոլոր
ջութակները իրեն համար շատ մեծ էին։ Ան ջութակը կը պատրաստէ եւ կը յանձնէ ընկերոջը։
Սակայն յետոյ Տէր Ղազարեան կը մտածէ, որ կարելի է ջութակը չափերով աւելի փոքրացնել
եւ այնքան կը փոքրացնէ, որ կը հասցնէ շատ փոքր չափերու։ Դժուար է հաւատալ, բայց ան
կրցած է զայն նուագել։
Էդուարդ Ղազարեան նաեւ զինագործ եւ պատերազմի մասնակից ըլլալով պատրաստած է զէնքի
տեսք ունեցող երաժշտական գործիք մը, որ իր մէջ կը ներառէ մօտ 30 երաժշտական գործիքներ։
Ան ըսած է, գործիքը զէնքի ձեւով ստեղծած է՝ փաստելու, որ զէնքով ոչ միայն կարելի է կրակել
այլեւ նուագել։ Իսկ ամենազարմանալին այն է, որ ան կրցած է ստեղծել ասեղի անցքին մէջ շարժող
քանդակ մը։
Այցելեցէք այս զարմանահրաշ թանգարանը։


