14
Feb

Հինգ Տարեկան ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը

5 Տարեկան ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը Փետրուար 21-ին ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը կը բոլորէ իր հինգամեակը.

Մեծ գոհունակութեամբ կը նշենք մեր տարած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը։

www.armlands.com կայքը հարստացուած է բազմաբնոյթ նիւթերով,

որոնց մասին դրական բազում արձագանգներ կը ստանանք աշխարհի աւելի քան 18 երկրներէ,

յատկապէս հայկական դպրոցներու ուսուցիչներէն, որոնք գոհունակութիւն կը յայտնեն՝

օգտագործելու մեր կայքը, իբրեւ կրթաօժանդակ նիւթերու աղբիւր։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-Armlands YouTube ալիքին մէջ տեղ գտած ուսուցողական

բազմազան տեսանիւթերուն թիւը հատած է 120-ի սահմանը։

Այս բարդ՝ միեւնոյն ժամանակ հաճելի եւ օգտաշատ ճանապարհը սկսանք միայնակ.

երեք տարի ապաւինեցանք փոքր նուիրատւութիւններուն եւ մեր յամառ աշխատանքին,

սակայն չյուսահատեցանք՝ գիտակցելով մեր գործին կարեւորութիւնը,

մինչեւ մեր աշխատանքը նկատելի դարձաւ եւ գործնականօրէն գնահատուեցաւ

Գանատայի ազգային առաջնորդարանի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ։

Վերջինս եղաւ մեր առաջին գործընկերը «Շողան» ծրագրով, որուն դրական արդիւնքը

տեսանելի է բոլորին։

Երկրորդ համագործակցութիւնը եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան

հետ, «Հայկաշխարհ-ի առասպելները» եւ «Հայոց լեզու» դասագիրքէն քաղուած դասերու տեսանիւթերով,

որոնց արդիւնաւէտութեան մասին նոյնպէս կարծիքները շատ դրական են։

Հպարտութիւն առթող այս պատկառելի կառոյցներուն հետ մեր համագործակցութիւնը

կը շարունակուի եւս մէկ տարի, կան բազում ծրագրեր, որոնք յաջորդաբար

պիտի հրապարակուին մինչեւ յառաջիկայ Դեկտեմբեր։

Մեր նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչեցինք նաեւ

let’s speak armenian, youtube-ի նոր ալիքը, ուր տեղ կը գտնեն անգլիախօսներու համար

նախատեսուած հայերէն սորվելու տեսանիւթեր։ Ոգեւորիչ են մեր աշխատանքի մասին

հնչող դրական կարծիքներն ու գնահատականները։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր հովանաւորներուն, աջակիցներուն, խորհրդատուներուն,

խրախուսողներուն, հետեւորդներուն ու տարածողներուն։

Բոլորիս միասնական ջանքերով պիտի շարունակենք արեւմտահայերէնի զարգացման նպաստելու

մեր նուիրական աշխատանքը:

Միասին կարելի է ընել շատ աւելին ….

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...