Նոյեան Տապան

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ջուրերն ու բոյսեր, արեւը,

աստղերն ու լուսինը, ստեղծեց նաեւ վայրի եւ ընտանիկենդանիները,

ապա, ստեղծեց մարդը՝ իր պատկերով.

Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան, եւ զիրենքտեղաւորեց

գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ, զոր կոչեց դրախտ, ապաօրհնեց

Ադամն ու Եւան՝ըսելով.  Բազմացէք եւ լեցուցէք երկիրը

Ադամի եւ Եւայի զաւակները բազմացան, բայց՝չարացան:

Օր մը Աստուած բարկացաւ, եւ կանչեց ամենաանմեղմարդը՝ Նոյը,

եւ ըսաւ անոր,

Նո՛յ, Տապան մը շինէ՛, հետդ ա՛ռ կինդ, զաւակներդ, հարսերդ, հետդ ա՛ռ նաեւ իւրաքանչիւր անասունի

տեսակէն զոյգ մը եւ մտիր տապանին մէջ:

Նոյ կատարեց Աստուծոյ հրամանը: Տապան մտնելէնանմիջապէս ետք,

քառասուն օր, քառասուն գիշեր անձրեւ տեղաց: Ջուրըամենէն բարձր լեռներէն ալ վեր բարձրացաւ:

Երկրի վրայապրող էակ չմնաց:

Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը հանգրուանեց Արարատ լերան վրայ։

Քառասուն օր ետք՝ Նոյ իր տապանէն արձակեց աղաւնիմը,

որ երթայ տեսնէ, թէ արդեօ՞ք ջուրերը նուազած են երկրիերեսին։

Աղաւնին ետ դարձաւ դէպի տապանը, որովհետեւ ողջ

երկիրը ողողուած էր ջուրով։

Նոյ եօթը օր ալ սպասեց, եւ դարձեալ տապանէնարձակեց աղաւնին։

Իրիկուան դէմ աղաւնին եկաւ Նոյի մօտ, եւ բերանինձիթենիի նոր կտրուած ճիւղ մը կար.

Նոյ գիտցաւ, որ ջուրերը երկրի վերայէն նուազած են։Եօթը օր ալ սպասեց,

դարձեալ արձակեց աղաւնին եւ այս անգամ աղաւնինչվերադարձաւ,

որովհետեւ բոլոր ջուրերը քաշուած էին:

Աստուած խօսեցաւ Նոյի հետ եւ ըսաւ. Տապանէն դուրսելէք՝ դուն, կինդ, որդիներդ, անոնց որդիներն

ու կանայք, շուրջիդ կենդանիները եւ բազմացէք երկրի վրայ։

Ջրհեղեղէն ետք Աստուած նայեցաւ աշխարհին, հիացաւանոր գեղեցկութեան վրայ, եւ խոստացաւ՝

անգամ մըն ալաշխարհը չպատժել մարդոց մեղքին համար, եւանձրեւին դադրիլը ցոյց տալուհամար՝

երկինքի վրայ գծեց ծիրանի գօտի մը:

Այսպէս, մարդկութիւնը երկրորդ անգամ ծնունդ առաւ, բազմացաւ եւ

տարածուեցաւ աշխարհի վրայ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...