Հայոց Դիցարանի Չաստուածները

Մինչեւ քրիստոնէութեան ընդունումը, հայերը ունեցած ենտարբեր կրօններ.

Նախ եղած են բնապաշտ, այսինքն պաշտած են բնութեանտարբեր երեւոյթներ՝

կրակը, փոթորիկը,անձրեւը եւ ծառերը՝ինչպէս սօսին ու բարտին, լեռները,

ինչպէս Մասիսը, զորհամարած են քաջերու բնակավայր։

Աւելի ուշ հայերը դարձած են լուսապաշտ, պաշտած են արեւը, լուսինը,

երկիրն ու աստղերը

Յետոյ դարձած են կռապաշտ, այսինքն՝ կուռք պաշտող,

ստեղծած են դիւցազուններ կամ դիցուհիներ, որոնք կըներկայացուէին՝

պղինձէ,  քարէ կամ կաւէ արձաններով եւ կըկոչուէին կուռք, 

ահա այս բառէն եկած է կռապաշտութիւնը։

Հայոց դիցարանը ղեկավարած է չաստուածներու գերագոյնեռեակը՝

 Արամազդը, Անահիտն ու Վահագնը։

Արամազդը չաստուածներու հայրն էր, երկնքի ու երկրիարարիչը։

Անահիտը՝ հայոց ամենասիրելի դիցուհին էր, կը համարուէրերկնքի եւ

պտղաբերութեան մայրը։

Հայերը կը հաւատային, որ Անահիտի շնորհիւ միշտ եղած է,

կայ ու գոյութիւն պիտի ունենայ Հայոց աշխարհը։

Վահագն վիշապաքաղը հայերու ամպրոպի ու կայծակի,

պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի չաստուածն էր,

որմէ թագաւորներն ու զօրավարները քաջութիւն կաղերսէին։

Աստղիկը՝ Հայոց սիրոյ եւ ջուրի չաստուածուհին էր,

անոր տօնը կը կոչուէր վարդավառ։

Նանէն իմաստութեան եւ ողջախոհութեան, ռազմիչաստուածուհին էր։

Միհրը երկնային լոյսի եւ արեգակի չաստուածն էր, անորնուիրուած էր

Գառնիի հեթանոսական տաճարը։

Տիրը Հին հայերու իմաստութիւններու, ուսման, գիտութեանչաստուածն էր:

Ան կը կոչուէր նաեւ երազացոյց կամերազահան, որովհետեւ երազներու գուշակ էր:

Սպանդարամետը կամ Սանդարամետը, ստորերկրեայթագաւորութեան

կամ դժոխքի չաստուածն էր

Վանատուրը հողի, բոյսի եւ պտղաբերութեան չաստուածն էր,

անոր նուիրուած էր նաւասարդի տօնը։

301 թուականին, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը,

այդ ժամանակ ոչնչացուցին հեթանոս աստուածներուննուիրուած արձաններն

ու տաճարները՝ պահպանեցին միայնԳառնիի տաճարը։

Այսպէս հայերը իրենց չաստուածներուն նուիրած են յատուկտօներ,

անոնց համար կառուցած են տաճարներ, մեհեաններ։

Հելլենիզմի դարաշրջանին հայկական չաստուածները համադրուած են

յունականներու հետ՝ եւ այսպէս.

Արամազդը Զեւսն էր

Անահիտը, Արտեմիսը կամ Հերան

Վահագնը, Հերակլեսը կամ Արեսը

Աստղիկը Աֆրոտիթէն,

Արեգը կամ Միհրը, Հելիոսը կամ Հեփետոսը

Տիրը Ափոլլոն, որ երաժշտո թեան աստուած ըլլալէն բացի 

կանխագուշակութիւններու չաստուածն էր

Նանէն Աթենասն էր

Սպանդարամետը՝ Հադեսը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...