Սուրբ Թարգմանչաց Տօն

Սուրբ Թարգմանչաց տօնը հայ ժողովուրդի ազգայինեկեղեցական կարեւոր տօներէն մէկն է, կը խորհրդանշէ հայոցգիրերու գիւտը եւ Աստուածաշունչի հայերէն առաջինթարգմանութիւնը:

Թարգմանչաց շարժումը  սկսած է հայոց գիրերու գիւտէնանմիջապէս ետք, երբ Մեսրոպ Մաշտոց Սահակ Պարթեւ եւանոնց աշակերտները հայերէն թարգմանեցինԱստուածաշունչը եւ ուրիշ կարեւոր գիրքեր:

Երբ Աստուածաշունչի ասորերէն պարսկերէն եւ յունարէնտարբերակները անհետացան, մնաց միայն հայերէնթարգմանութիւնը, որ շատ լաւ թարգմանուելուն համարկոչուեցաւ «թագուհի թարգմանութեանց», այսինքն՝թարգմանութիւններու թագուհին:

Հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնն է՝

«ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանսհանճարոյ»:

Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ

Այսինքն ճանչնալ իմաստութիւնն ու խրատըփ.

(այստեղ իմաստութիւնը Քրիստոսն է),

Իմանալ զբանս հանճարոյ

Այսինքն իմանալ հանճարի խօսքերը,

այսինքն՝ գիտնալ  Աստուծոյ խօսքերը,

որոնք գրուած են Սուրբ Գիրքի կամ Աստուածաշունչի մէջ։

Մեսրոպ Մաշտոց, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Եզնիկ Կողբացի, Անանիա Շիրակացի, Սուրբ Սահակ Պարթեւեւ այլ ուրիշ թարգմանիչներ եղան հայ մշակոյթի մեր առաջինառաջնորդները։

Ծաղկեցաւ հայու հանճարը, որուն գագաթներն են` Ս. ՄեսրոպՄաշտոց, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, Անանիա Շիրակացի եւ ուրիշներ, որոնցշնորհիւ հայ ազգը ունեցաւ հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւն, իսկ թարգմանիչներու շնորհիւ այդ ժառանգութեանծանօթացաւ ողջ աշխարհը եւ սկսաւ հայ մշակոյթի«Ոսկեդարեան շրջանը»:

Ամբողջ աշխարհի մէջ միայն հայերն են, որ ունինթարգմանչաց տօն։

Բառեր

Խորհրդանշել= խորհուրդ ունենալ

անհետանալ= հետք չունենալ, կորսուիլ

հանճար=բացառիկ խելք, տաղանդ

գագաթ= կատար, գլուխ

Եկէք պատասխանենք

1- Ի՞նչ է թարգմանչաց տօնը։

ՊՍուրբ Թարգմանչաց տօնը հայ ժողովուրդի ազգայինեկեղեցական կարեւոր տօներէն մէկն է, կը խորհրդանշէ հայոցգիրերու գիւտը եւ Աստուածաշունչի հայերէն առաջինթարգմանութիւնը:

2-Ե՞րբ սկսաւ թարգմանչաց շարժումը։

ՊԹարգմանչաց շարժումը  սկսած է հայոց գիրերու գիւտէնանմիջապէս ետք, երբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւանոնց աշակերտները հայերէն թարգմանեցինԱստուածաշունչը եւ ուրիշ կարեւոր գիրքեր:

3- Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը ի՞նչ կոչուեցաւ։

Պհայերէն թարգմանութիւնը այնքան լաւ էր, որ կոչուեցաւ«թագուհի թարգմանութեանց»,     այսինքն՝թարգմանութիւններու թագուհին:

4-Նշեցէ՛ք  հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը:

ՊՀայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնն է՝«ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանսհանճարոյ»:

5-Նշեցէք հայ թարգմանիչներու եւ հայ հանճարներուանուններ։

ՊՀայ յայտնի թարգմանիչներ ու հանճարներ են՝ ՄեսրոպՄաշտոց, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, ԵզնիկԿողբացի,    Անանիա Շիրակացի, Սուրբ Սահակ Պարթեւ, Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացիեւ ուրիշներ։

Attachment.png

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...