22
Sep

Պոլսոյ 16 Հայկական Դպրոցները Այս Տարի Ունին Միայն 556 Նոր Աշակերտներ

Սեպտեմբեր 18-ին, Թուրքիոյ տարածքին սկսաւ նոր ուսումնական տարին, իրենց աշխատանքին սկսան նաեւ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարանները: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը։

Նոր ուսումնական տարուան համար Պոլսոյ հայկական դպրոցները ունին միայն 556 նոր աշակերտներ, որոնցմէ 348ը նախակրթարանի եւ միջնակարգի, 208ը՝ երկրորդականի աշակերտներ: Այս թիւը մօտ է անցեալ տարուան տուէալներուն, առ այդ՝ աշակերտներու թիւի աճ չէ արձանագրուած:

Սոյն ուսումնական տարուան, Պոլսոյ 16 հայկական դպրոցներու աշակերտներու ամբողջական թիւը կազմած է 2992, 710՝ երկրորդական եւ 2282՝ նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտներ։

Նախակրթարաններէն եւ միջնակարգ վարժարաններէն ամենաքիչ թիւով աշակերտներ ընդունած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Եսայեան վարժարանը՝ ընդամէնը 3 առաջին դասարանի աշակերտներ, իսկ ամէնէն շատը՝ հայաշատ Շիշլի շրջանի Գարակէօզէան վարժարանը, որ ունեցած է 47 նոր աշակերտներ։ Գարագէօզէանէն ետք Պաքըրքէոյ շրջանի Դադեան եւ հայաշատ Սամաթիա թաղամասի Սահակեան-Նունեան վարժարանները՝ համապատասխանաբար 43 եւ 40 նոր աշակերտներով:

Պատմական Գումգափու թաղամասի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կից գտնուող Պեզճեան դպրոցը, որ կը համարուի Պոլսոյ հայկական Մայր վարժարանը, այս տարի ունեցած է 30 առաջին դասարանի աշակերտ:

Երկրորդական վարժարաններու շարքին ամէնէն շատ նոր աշակերտներ ունեցած է Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը՝ 55 նոր աշակերտներ: Եսայեան վարժարանի երկրորդականի բաժինը ընդունած է 48 նոր աշակերտներ։ Անոր կը յաջորդեն հայաշատ Փանգալթըի Մխիթարեան դպրոցը՝ իր 40 նոր աշակերտներով, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի երկրորդականը՝ իր 37 նոր աշակերտով:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...