23
Nov

Ես Կ’ընտրեմ Հայրենիքիս Սահմաններու Պաշտպանութիւնը. Միքայէլ Գրիգորեան (Միշա)

«Մանկական Եւրատեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթի հայաստանեան մասնակից պատուիրակ փոքրիկ ղարաբաղցիՄիքայէլ Գրիգորեանը այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ անոր հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:

Միշան յայտնած է, որ ինք շատ կը սիրէ այն երգը, զոր պիտի կատարէ մրցոյթին մասնակցելու համար, ան լաւ կը պատրաստուի երգը լաւ ներկայցնելու եւ Հայաստանի պատիւն ու իր Արցախի անունը բարձր պահելու համար։

Միշայի խօսքերով ինք չի սիրեր հեշտ ճանապարհով անցնիլ, ան երգել սկսած է 4 տարեկանէն եւ կը յիշէ իր կատարած  առաջին երգը. Ռոպերթինօ Լորետտիի կատարած «Ճամայգա» երգն է:

Միշան կը ճանաչնայ իր բոլոր մրցակիցները, գիտէ անոնց ուժը, երգելու ոճը. իր կարծիքով առաջնակարգերու շարքին կ’ըլլան Ռուսիան եւ Աւստրալիան:

Երգելու զուգահեռ Միշան նաեւ ջութակ եւ դաշնամուր կը նուագէ:

Միշան մրցոյթի կը մասնակցի իր բանակով՝ «Արցախի ձայներ»-ու խումբով. ան իր հետ կը տանի նաեւ իմ խաչը:

Երգելէն բացի Միշան շատ կ’ուզէր նաեւ բարեգո՛րծ ըլլալ, որպէսզի կարենայ օգնել Արցախի մէջ ապրող անապահով մարդոց, տուն չունեցողներուն. ան կ’ուզէ, որ բոլորը լաւ ապրին: Իմ ընտանիքս ինծի համար ամէն ինչ կ’ընէ, ես որեւէ բանի կարիք չունիմ եւ շատ կ’ուզեմ, որ բոլոր երեխաները, մեծերը կարիքի մէջ չապրին:

Միշան իր հասակակիցներուն կը մաղթէ, որ անոնք միշտ բարի ըլլան, կարենան չարին յաղթել, եւ ամէն ինչ լաւ կ’ըլլլայ:

Այն հարցին թէ, երբ մեծնաս, առջեւդ դնեն երկու ընտրութիւն` երթալ երգի ճանապարհով եւ ծառայել հայոց բանակին. որ մէ՞կը կ’ընտրես:

Ես կ’ընտրեմ Հայրենիքիս սահմաններու պաշտպանութիւնը, յետոյ` երգը. երգելո՛վ կը պաշտպանեմ մեր սահմանները: Իմ հայրիկս ալ զինուորական է: Ես Ապրիլին լսած եմ պատերազմի ձայնը եւ շատ կ’ուզեմ, որ իմ ծննդավայրիս Արցախի մէջ միշտ խաղաղութիւն ըլլայ:

Միշան կը սիրէ արցախցիները՝ անոնց հպարտութիւնը, ազնւութիւնը, անկեղծութիւնը, երգելու տաղանդը:

-Միքայէ՛լ, ինչպէ՞ս կ’անցնի այս մեծ փորձութիւնը:

-Մեծ կռիւ, պայքա՛ր պայքար պիտի ըլլայ մրցոյթին. տեսնենք, թէ ով պիտի ըլլայ առաջինը, ով կը դառնայ յաղթող:

Մրցոյթը այս տարի տեղի կ’ունենայ Նոյեմբեր 26-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...