National Geographic  ամսագիրը Քարահունջը, զոր նաեւ կ՛անուանեն «Հայկական Սթոնհենճ», ընդգրկած է աշխարհի հնագոյն աստղադիտարաններու ցուցակին մէջ: «Սիրիուսը եւ Օրիոնը կը փայլին խորհրդաւոր Քարահունջի լուսաւորուած քարերուն վերը: Անիկա բաղկացած է հարիւրաւոր ուղղահայեաց քարերէ», կը գրէ թերթը:

Քարահունջը կամ Զօրաց Քարերը կը գտնուին Սիսիան քաղաքէն ոչ հեռու՝ Որոտան գետի Դարբ վտակի ձորի ձախ ափին եւ բաղկացած են մինչեւ 10 թոն ծանրութեամբ ուղղահայեաց քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն ընդհանուր կոթող մը: