28
Dec
Երեւանաբնակ Շուրջ 40. 000 Երեխայ Նոր Տարուան Նուէրներ Ստացան
Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գտնուող մանկապարտէզները կը կազմակերպեն ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի հանդէսներ: Հազարաւոր երեւանաբնակ երեխաներ այս օրերուն կը մասնակցին հեքիաթային բեմադրութիւններու, որոնց աւարտին բոլոր երեխաները Կաղանդ Պապայի կողմէն կը ստանան քաղցրեղէն նուէր-փաթեթներ։ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը բոլորին մաղթած է անհոգ մանկութիւն եւ ժպիտներով լի օրեր:
Ընդհանուր առմամբ մայրաքաղաքի շուրջ 40 հազար երեխաներ ստացած են ամանորեայ նուէրներ։