08
Feb
Բարեկանդանի Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ (Լուսանկարներ)
Փետրուար 7-ին, Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները ծպտուած ներկայացան վարժարան, տօնելու համար աւանդական Բարեկենդանի հաւաքոյթը: Ծնողներու ներկայութեամբ անոնք երգեցին, խաղեր խաղացին, հիւրասիրուեցան եւ բարձր տրամադրութիւններով մեկնեցան իրենց տուները: