22
Feb

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի Ձեռքբերումները Ներկայացուեցան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն Ներս

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ Փետրուար 21-ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան պատուերով 2016-2017 թուականներու հրատարակուած արեւմտահայերէն գիրքերու շնորհանդէսն ու «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան տեղեկատուական- լրատուական կայքի մէկամեայ ձեռքբերումներու ներկայացումը:

28381664_10156478249004369_356913203_n

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց ներկաները Մայրենիի օրուան առթիւ եւ նշեց, որ այն մեր ամենապայծառ եւ ամենապարտաւորեցնող տօներէն մէկն է:

Շնորհանդէսի աւարտին «ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ» armlands.com արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի համահիմնադիր-խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեան ներկայացուց մէկամեայ կայքի ձեռքբերումները եւ համացանցի միջոցով արեւմտահայերէնի գիտելիքները զարգացնելու հնարաւորութիւնները:

28381529_10156478243519369_1907248970_nԿայքի խմբագիրը մասնաւորապէս ըսաւ.

«Ճիշտ մէկ տարի առաջ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ  տեղի ունեցաւ Հայկաշխարհ կայքի հիմնադրման շնորհանդէսը։ Սկիզբ առին կայքի նիւթերու հաւաքագրման աշխատանքները եւ ան ընթերցողներուն հասանելի դարձաւ ընդամէնը հինգ ամիս առաջ։

Այսօր ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը՝

– Ունի շաբաթական 10000 ընթերցող, աշխարհի 38 երկրներու մէջ (Հայաստան, Սուրիա, Լիբանան, ԱՄՆ, Շուէտ, Գանատա, Աւստրալիա, Թուրքիա, Արաբական Էմիրութիւններ, Ֆրանսա, Աւստրիա, Քուէյթ, Հոլանտա, Յունաստան, Յորդանան, Եգիպտոս, ՆորՎէկիա, Ռուսաստան, Անգլիա, Պելճիքա, Պրազիլ, եւ այլ)

-Մտած է Սփիւռքի տարբեր երկրներու դպրոցներու առօրեայի մէջ։

-Սփիւռքի ուսուցչուհիներու համար դարձած է տեղեկատւութեան աղբիւր

-Դարձած է հայ մանուկներու եւ պատանիներու համահայկական նոր հարթակ, ուր անոնք հնարաւորութիւն ունին այնտեղէն ոչ միայն գիտելիք ստանալու, այլեւ իրենց ստեղծագործութիւնները հրապարակելու։

-Պահպանել եւ զարգացնել համապատասխան տարիքի երեխաներու արեւմտահայերէնի իմացութիւնը։

 

Այսպիսով ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը ԵՌԱԳՈՅՆ-իԻ  հետ միասին, կամաւոր աշխատանքով, կը ստեղծէ համակողմանի զարգացման դաշտ, համապատասխան տարիքի ընթերցողներու համար` անկասկած զարգացնելով արեւմտահայերէնը` աշխարհի բոլոր անկիւններու մէջ:

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...