27
Feb

«Ձմեռը Ջաւախքի Մէջ» Խորագիրով Նկարչական Ցուցահանդէս Ջաւախքի Մէջ

Փետրուար 25-ին, Ռաֆայէլ Ջաւախք կրթամշակութային երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ «Ձմեռը Ջաւախքի մէջ» խորագիրով նկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէս: Խմբակի ղեկավար Ռուզաննա Սիրականեան՝ երկու ամսուան ընթացքին՝ լուրջ աշխատանք կատարած էր մանուկներու նկարչական մտածողութեան, բնապատկերը նկարի վերածելու, լոյսի եւ ստուերի, գոյներու ճիշդ համադրութիւն ապահովելու համար:

Յաջող աշխատանքներ ներկայացուցած էին Երանուհի Սթամպոլցեանը, Գայիանէ Իրիցեանը, Եղիշէ Ղուկասեանը, Ոսկէհատ Իսպիրեանը, Հայաստան Պալոյեանը, Արթուր Մկրտչեանը, Նարեկ Պոդոսեանը, Ոսկեհատ Գինոսեանը եւ ուրիշներ:

Յաջորդ ցուցահանդէսը պիտի նուիրուի Վրաստանի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւններու 100-ամեակին:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...