27
Mar
Այցելութիւն Ծովային Կենդանիներու Թանգարան

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2018-ին, Լիբանանի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի աշակերտները այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը (Ժտէյտի) եւ ծանօթացան հոն ցուցադրուած ողնաւոր եւ անողն անասուններու տեղափոխուելու, պաշտպանուելու, սնուելու եւ բեղմնաւորուելու ձեւերուն:
Աշակերտները դիտեցին այս նիւթով տեսերիզ մը, հետեւեցան բացատրութեան, պատասխանեցին հարցումներուն, ապա շրջեցան թանգարանին մէջ գոհացում տալով իրենց հետաքրքրութիւններուն:



