Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է Կիոկուշին Քարաթէի Բաց Առաջնութիւն
Արցախի օյամա-կիոկուշին քարաթէ-տոի դաշնութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան N 1 հիմնական դպրոցին մէջ կայացած է կիոկուշին քարաթէի բաց առաջնութիւն՝ նուիրուած ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Արցախի օյամա-կիոկուշին քարաթէ-տոի դաշնութեան գլխաւոր մարզիչ Արթուր Առուշանեանը ըսած է, որ առաջնութեան ընթացքին Ստեփանակերտէն, Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններէն մասնակցած է 4-17 տարեկան տարիքային խումբի շուրջ 200 մարզիկ:
Անոր խօսքով՝ առաջնութեան նպատակն է մասսայականացնել կիոկուշին քարաթէ մարզաձեւը, ինչպէս նաեւ ի յայտ բերած լաւագոյն մարզիկներ, որոնք հանդէս պիտի գան հաւաքական կազմով:
Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներու մասին՝ նաեւ ըսած է, որ Ապրիլ 28-ին տեղի պիտի ունենայ կիոկուշին քարաթէի ՀՀ առաջնութիւն, իսկ Մայիսին ալ Ասկերանի մէջ պիտի կազմակերպուի բաց առաջնութիւն:
Կիոկուշին քարաթէի բաց առաջնութեան յաղթողները արժանացած են մետալներու, պատուոգիրերու, իսկ մնացեալ մասնակիցները՝ նուէրներու:
