Մասնակցեցէք Համայն Հայութիւնը Համախմբող «Արի պարի քոչարի»-ին
«Արի պարի Քոչարի» նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակներուն։ Ան առաջին համահայկական ֆլէշմոպն է, որ աշխարհի 6 մայրցամաքներու մէջ ապրող հայերը նոյն օրը` Մայիս 26-ին, պիտի համախմբէ մէկ պարի շուրջ` ի նշան մեր ժողովուրդի միասնութեան եւ մեր փառաւոր յաղթանակներու: Ֆլէշմոպին կրնան մասնակցիլ բոլորը` պարային խումբերը, ինքնակազմակերպուած խումբերը:
Առ ասօր «Արի պարի Քոչարի» ֆլէշմոպին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են տարբեր խումբեր ու դպրոցներ։ Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայերը համախմբող Քոչարի պարը պիտի տեսագրուի եւ տեղադրուի համացանցի մէջ:
Նախագծի կազմակերպիչները վստահ են, որ ֆլէշմոպի մասնակիցները պիտի զարմացնեն իրենց պարով` դառնալով այս ինքնատիպ նախաձեռնութեան կեանքի կոչողներն ու գլխաւոր հերոսները:
Աւելցնենք, որ ֆլէշմոպին մասնակցելու դիմումները ընդունումը կը շարունակուին։