10-ամեայ Համբարձում Թարլանեան Յաղթած է՝ Թուրքիոյ Դրօշին Տակ Երգելով (տեսանիւթ)
Վերջերս Թուրքիոյյի Մարմարիս քաղաքի մէջ կայացած «Ապագայի աստղեր» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին «Ազգային երգ» անուանակարգին հանդէս եկած է Հայաստանը ներկայացնող 10-ամեայ Համբարձում Թարլանյան:Ան յաղթած է՝ Թուրքիոյ դրօշին տակ երգելով՝ պատմական հայրենիքը վերադարձնելու մասին երգելով, ան հանդէս եկած է երեք երգերով` «Պիտի գնանք վաղ, թէ ուշ», «Լորիկ» եւ «Տէր ողորմեայ»: Համմբարձումը Շիրակի մարզի Անի Պեմզա գիւղէն է, Գիւմրիի «Փիւնիկ» արուեստի դպրոցի աշակերտ:
Համբարձումը այնպէս ոգեւորուած մասնակցած է, որ ելոյթէն առաջ իր ուսուցիչին ըսած է` պատկերացուցէք, այնպէս երգեմ, որ իմ երգիս ձայնէն Թուրքիոյ դրօշակըը իյնայ իմ ոտքերուս տակ:
Նշենք, որ Համբարձումը շուտով պիտի մասնակցի ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ տեղի ունեցող փառատօնին: Երգերը նուիրուած պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: