13
Mar

ՀԲԸՄ-Ի Վարժարաններու Շնորհալի Պատանիները

ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու բնագիտութեան ուսուցչուհի Հայկօ Տոլմայեան, առօրեայ դասաւանդութիւններուն զուգահեռ, արտադասարանային պարտականութիւններ յաճախ կը թելադրէ երկրորդականի Ե. դասարանի աշակերտներուն: Վերջերս, ան թելադրած է ուսումնասիրել կենսոլորտի ապականութեան պատճառները, մարդկութիւնը յուզող տարբեր երեւոյթներ եւ իբրեւ եզրակացութիւն, գիտական լուծումներ փնտռել այդ հարցերուն: Ուսումնասիրութիւններուն լուծումները պարտին ըլլալ ստեղծագործական, նորարական, օգտակար համայն մարդկութեան:
Ուսուցչուհին իր աշակերտները կոփած է այն համոզումով, թէ իւրաքանչիւր անհատ, ուսանող կամ՝ աշակերտ բաւարար գիտելք եւ կարողութիւն կրնայ ունենալ բարելաւելու մեր երկրագունդի բնակչութեան պայմանները:
Ե. դասարանի ուսանողներ՝ Թորոս Թորոսեան եւ Արման Չերչեան վիճակագրութիւն մը պատրաստած են բեռնակառքերու արկածներուն վերաբերեալ, եզրակացնելով, թէ արկածներուն մեծամասնութիւնը հետեւանք է վարորդներու անքնութեան:
Իբրեւ լուծում, մեր տղաքը ներկայացուցած են ոչ քնաբեր, «ահազանգող» ակնոցի տեսակ մը, որ արհեստագիտական ճանապարհով կրնայ կանխաւ գուշակել վարորդին թմրած վիճակը, նախազգուշացնել եւ ահազանգել, որպէսզի վերջինս արթննայ:
Նորարարական այս առաջարկը կրնայ փրկել հազարաւորներու կեանքը:


Դարձեալ Ե. դասարանի աշակերտ Կարօ Կիրիթլեան, բոլորիս նման տագնապելով ելեկտրականութեան ընդհատումներուն պատճառած աւերէն, մշակած է արհեստագիտական սարք մը, որ բնութեան մէջ թափուած, կենսոլորտը ապականող փլասթիքի կտորները այրելով, ելեկտրականութիւն կը ստանայ անոնց ջերմուժէն: Կիրիթլեանի պատրաստած սարքը նաեւ կը յաջողի ելեկտրականութեան վերածել այրուածքին մնացորդները:
Պատկերացուցէք, որ մարդկային միտքը յաջողի օգտուիլ փլասթիքի թափօնէն: Անիկա վստահաբար մեծ ծառայութիւն մատուցած պիտի ըլլայ երկրագունդի բնակչութեան, անոր կենսոլորտին, սկսելով՝ Լիբանանէն:

Ահա այսպիսի շնորհալի տղաք եւ աղջիկներ կը պատրաստուին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի վարժարաններուն մէջ, նոյնքան նախանձախնդիր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հոգատարութեան տակ:
Ապրի’ք տղաք:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...