17
Apr
Լիբանանի Մեսրոպեան Վարժարանի Հերթական Յաջողութիւնը
Մեսրոպեանի նախակրթարանի աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեցին Լիբանանի պարի եւ մարմնամարզի ֆետերասիոնի այս տարուան պատանեկան մրցումներուն: Տարիքային համապատասխան խումբերուն մէջ` Թիանա Սոլաքեան հանդիսացաւ առաջին, Մարք Արզումանեան, Լարենա Քապէնճեան եւ Նազօ Ղազարեան` երկրորդ, Կալի Աքանճեան եւ Անտրիւ Քոմպէճեան` 4-րդ, իսկ Քեվըն Սոլաքեան-Սերենա Քապէնճեան` երկրորդ, զուգապարի մէջ: Կը շնորհաւորենք եւ կը մաղթենք յարատեւութիւն` պարարուեստի մէջ: