22
May

13- ամեայ Ժասմինը «Սուփըր Նռանէ» Վիպակի ՀեղինակՆ է

Ժասմին Հայրապետեանը 13 տարեկան է։ Վերջերս լոյս տեսաւ անոր «Սուպեր Նռանե» (Սուփըր Նռանէ) վիպակը։

Ան Հայաստանի մէջ այս տարիքի միակ երեխան է, որ վիպակ գրած ու տպագրած է։ 13-ամեայ պարմանուհին գրողներու միութեան «Նո՛ր ոսկեդար» մրցոյթի յաղթողներէն է։

Ժասմինը ծնունդով Արցախէն է: Արցախը անոր սրտի, մտքերու եւ յոյզերու մէջ շա՜տ կարեւոր տեղ կը զբաղցնէ:

Փոքրիկ հեղինակին վիպակի հերոսուհին է Նռանէն, որ Տիգրան Մեծի քրոջ անունն է: Ժասմինի Նռանէն 16 տարեկան շատ գեղեցիկ աղջիկ մըն է։ Ան, օր մը կը հասկնայ, որ ինք օժտուած է գերբնական ուժով: Յետոյ, անոր տատիկը կը բանայ ճակատագրական գաղտնիքը. Նռանէն իր հզօր ուժով պէտք է Հայաստանը փրկէ չարերէն: Վիպակը չարի ու բարիի պայքար է: Նռանէն չարերու դէմ կը սկսի պայքարիլ՝ հայն ու հայութիւնը բնութագրող խորհրդանիշերով, որոնք իրեն համար կը ծառայեն որպէս զէնք. Տուտուկը, Արծուագորգը, ծիրանի կորիզը, Մասիսի վրայ գտնուող աղբիւրի ջուրը, նուռը, «Նարեկը»: Հերոսուհին դաժան ու անզիջում պայքար կը մղէ, սակայն կը սիրահարի չարերու տղուն՝ Գոդին: Շատ արագ զարգացող պատմութիւն է, որուն ընթացքին բազմաթիւ անսպասելի շրջադարձներ տեղի կ’ունենան ու գաղտնիքներ կը բացայայտուին։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը վիպակին մեծ մասը վերածեց արեւմտահայերէնի եւ պարբերաբար հրապարակեց, երբ Ժասմինը նոր կը ստեղծագործէր։ Աւելի ուշ՝ հեղինակը փոխեց վիպակին անունը եւ անիկա հրապարակուեցաւ ամբողջութեամբ։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀը պատրաստ է վիպակը իր նոր տեսքով ամբողջութեամբ վերածելու արեւմտահայերէնի, եթէ յայտնուին զայն տպագրող հովանաւորներ։ Վիպակը ուշադրութեան արժանի է, իսկ մեր պատանիները իրենց տարիքին յարմար գրականութեան կարիք ունին։

 

«Սուփըր Նռանէ»-ի մասին կարծիքները կարդալ այստեղ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...