Ուրախ Լուր. Մանկապատանեկան Վիպակը Արեւմտահայերէնի Պիտի Վերածէ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀԸ
Նախապէս նշած էինք , որ 13 տարեկան Ժասմին Հայրապետեան (գրողներու միութեան «Նո՛ր ոսկեդար» մրցոյթի յաղթող) հեղինակն է «Սուփըր Նռանէ» մանակապատանեկան տարիքի վիպակին, որ արժնացած է բազում գովելի խօսքերու։ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը նախաձեռնեց վիպակը արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքը, մեր նախաձեռնութեան առաջին աջակիցը եղաւ Պոսթոնի Ս. Ստեփանոս դպրոցը, որ $300 խոստումով որոշեց մաս կազմել ծրագրի իրականացման եւ ձեռք բերել գիրքի 25 օրինակ։
Վիպակի արեւմտահայերէն տարբերակը պիտի անունաուի «Հրաշագործ Նռանէ», վստահ ենք, որ անիկա մեծապէս պիտի հետաքրքրէ յատկապէս 10-14 տարեկան ընթերցողները եւ Նռանէն պիտի դառնայ անոնց սիրելի հերոսուհին։
Թարգմանական աշխատանքները սկսած ենք եւ նիւթական աջակցութեան համար կը սպասենք այլ դպրոցի մը պատասխանին՝ տպագրական աշխատանքները իրականացնելու համար։
Գիրքը նախապէս պատուիրելու համար գրեցէք editor@armlands.com