25
Dec

Հայկաշխարհը Տիկին Նունէ Սարգսեանի Հիւրն էր

Դեկտեմբեր 24-ին, Հայկաշխարհը «Հրաշագործ Նռանէ» գիրքի հեղինակ 13-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանը ներկայացուց ՀՀ առաջին Տիկին Նունէ Սարգսեանին։ Հանդիպումը կայացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, Ժասմինը շատ ոգեւորուեցաւ Տիկին Նունէ Սարգսեանի ջերմ ընդունելութենէն ու  խօսքերէն, որոնք խթան հանդիսացան, որ նոյն օրը Ժասմինը սկսի գրել իր երկրորդ գիրքը։

Ժասմինը հանդիպման մասին իր զգացումները արտայայտելով ըսաւ,- «Այսօր կեանքիս զարմանահրաշ ու յուզիչ օրերէն մէկն էր: Նախագահական նստավայրի մէջ հիւր էի Տիկին Նունէ Սարգսեանին:
Առաջին վայրկեանէն սիրեցի մեր երկրի նախագահի Տիկինը. ան աննկարագրելի լաւ մարդ է: Խօսեցանք գիրքիս մասին, նաեւ ուրիշ գիրքերու, գրականութեան, արուեստի, ապագայի մասին:
Մեր ջերմ զրոյցի ընթացքին Տիկին Նունէն ինծի նոր գիրքի գաղափար տուաւ: Ես այնպէ՜ս տարուեցայ այդ գաղափարով, որ ոգեւորութեանս ալիքի տակ արդէն սկսած եմ գրել: Շնորհակալ եմ այս իւրայատուկ օրուայ համար: Յատուկ շնորհակալութիւն իմ սիրելի Հայկաշխարհին»:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...