17
May
Պոսթոնի Ս. Ստեփանոս Դպրոցի Աշակերտները Հայաստան Պիտի Մեկնէին Բայց….
Պոսթոնի Ս. Ստեփանոս դպրոցի տնօրէնութիւնը ամէն տարուայ պէս ծրագրած էր՝ Մայիս 16-ին, դպրոցի 5-րդ աւարտական դասարանի աշակերտներու, անոնց ծնողներու եւ հայրենաւանդ ուսուցչուհիի հետ Հայաստան մեկնիլ, բայց ողջ աշխարհին յատնի պատճառներով ճամբորդութիւնը չեղարկուեցաւ, սակայն աւարտական դասարանի աշակերտներն ու ծնողները, որոշեցին ճամբորդութեան օրը անակնկալ մատուցել իրենց դպրոցի ուսուցչուհիին, անոնք իրենց ծնողներուն հետ՝ ճամբորդկան պայուսակներով, եռագոյն դրօշակներով եւ փուչիկներով հասան Տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի տան փողոցը, ուսուցչուհին դուրս հրաւիրեցին, մեքենաներուն ճչակները ի գործ դնելով` ուրախութեան բացականչութիւններով ուրախութեան շքերթ մը կազմակերպեցին: