16
Jun

Եղէ’ք Վստահ ու Համարձակ, Յիշեցէ’ք, Որ Դուք Հայ Էք․ Նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան Հեռավար Զրոյց Ունեցաւ Պոսթընի «Սուրբ Ստեփանոս» Ազգային Վարժարանի Սաներուն եւ Ուսուցիչներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան հեռավար զրոյց ունեցաւ Պոսթընի «Սուրբ Ստեփանոս» ազգային վարժարանի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Արդէն 36 տարի գործող վարժարանը ունի շուրջ 170 աշակերտ: Տարրական վարժարանին մէջ, որ կը ներառէ մանկապարտէզէն մինչեւ հինգերորդ դասարան, հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը կը  դասաւանդուին արեւմտահայերէնով, դասագիրքերը եւս արեւմտահայերէն են։

«Հայկաշխարհ» մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայքի խմբագրակազմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հեռավար հանդիպման ընթացքին՝ Հանրապետութեան նախագահի տիկինը նախ զրուցեց աշակերտներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցերուն, որոնք մեծ մասամբ կը վերաբերէին մանկագիր Նունէ Սարգսեանի անցած գրական ուղիին, սիրելի գիրքերուն, նախասիրութիւններուն։ Տիկին Սարգսեան աշակերտներուն ներկայացուց իր գիրքերը՝ նշելով, որ իր ոգեշնչման աղբիւրը նոյնինքն երեխաներն են եւ խոստացաւ իր գիրքերէն օրինակներ ուղարկել դպրոցին։

Խօսելով մայրենի լեզուի, յատկապէս, արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութեան մասին, տիկին Սարգսեան վարժարանի սաներուն առաջարկեց` գրել Հայաստանի մասին փոքրիկ պատմութիւններ, որոնք պիտի հրապարակուին ինչպէս «Հայկաշխարհ» մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայքին, այնպէս ալ Հանրապետութեան նախագահի՝ երեխաներու համար նախատեսուած կայքին մէջ։ Ան նաեւ գնահատելի ու ողջունելի համարեց այն փաստը, որ վարժարանի սաները արեւմտահայերէնէն բացի, գիտեն նաեւ արեւելահայերէն։

«Միշտ յիշեցէք, որ դուք հայ էք եւ բոլորդ յատուկ էք մեզի համար։ Եղէք վստահ ու համարձակ․ հայերը աշխարհի մէջ շատ կարեւոր ազգ են, որովհետեւ մենք աշխարհի ամենահին ազգերէն մէկն ենք, եւ ի տարբերութիւն այլ հին ազգերու, որոնք այլեւս չկան, մենք հասած ենք մինչեւ 21-րդ դար։ Հետեւեցէք ձեր առողջութեան, սիրեցէք դուք ձեզ, դուք լաւ էք, չկասկածիք։ Ամէն երեխայ տաղանդ ունի, դուք երբեմն նստէք առանց հեռուստացոյցի եւ համակարգիչի եւ մտածեցէք, թէ ինչի մէջ ամենաուժեղն էք։ Շարունակեցէք սորվիլ ամէն ինչ, բայց գտէք, թէ ուր է ձեր ամենատաղանդաւոր կէտը եւ ամենաշատը աշխատեցէք այդ ուղղութեամբ։ Ընտանիքի անդամները ձեր գանձերն են․ միշտ գնահատեցէք անոնց գոյութիւնը»,- դիմելով աշակերտներուն՝ նշեց Հանրապետութեան նախագահի տիկինը։

Վարժարանի ուսուցիչներու հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ արեւմտահայերէնի պահպանման, հեռավար ուսուցման դժուարութիւններուն, արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ երեխաներուն միտքը աշխոյժ պահելուն։ Ուսուցիչները տեղեկացուցին նաեւ, որ համավարակի պատճառով յետաձգուած է հայրենաճանաչութեան նպատակով դպրոցի սաներու ամենամեայ երկշաբաթեայ Հայաստան այցը, զոր կը նախատեսեն իրականացնել յաջորդ տարի:

Տիկին Սարգսեան ուսուցիչներուն յորդորեց ամուր ըլլալ եւ շարունակել իրենց աշխատանքն ու առաքելութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս դժուար փուլի աւարտէն ետք հայրենիքի հետ կապերը աւելի պիտի սերտանան։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...