20
Jul

Գրչի Ընկեր. Սփիւռք Հայրենիք Աշակերտական Առցանց Հանդիպում (տեսանիւթ)

Յուլիս 20-ի կէսօրին, ժամը 12:00-ին, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Յակոբ Օշական» դպրոցի եւ
Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտներու «Գրչի ընկեր» խորագիրը կրող առցանց հանդիպումը,
որուն ներկայ էին նաեւ զոյգ դպրոցներու հայերէնաւանդ ուսուցիչներն ու պատասխանատուները։
Աշակերտները ներկայացուցին իրենց դպրոցներէն ներս դասաւանդուող առարկաները, ինչպէս նաեւ կարծիք յայտնեցին
ներկայ իրավիճակէն դրդուած իրականացուած հեռավար ուսուցման մասին. բոլորը գնահատեցին իրենց դպրոցներու պատասխանատուներուն կատարած աշխատանքը,
սակայն  նախընտրեցին դպրոց յաճախելով կրթութեան տարբերակը, որ առաւել արդիւնաւէտ է եւ հաճելի։
Հայաստանի աշակերտները ներկայացուցին արեւմտահայ գրականութենէն բանաստեղծութիւններ եւ Մ. Մեծարենցի բանաստեղծութեան բառերով արեւմտահայերէն երգը,
իսկ Ք․Ա․Վ․-ի աշակերտները ներկայացուցին արեւելահայերէն բանաստեղծութիւններ՝ ունենալով «մեր լեզուն ձեր լեզուն է» կարգախօսը։
Հանդիպումը աւարտեցաւ դպրոցներու միջեւ կապը պահպանելու խոստումով, եւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտները Հայաստան այցելելու Յակոբ Օշական դպրոցի հրաւէրով։
Նշենք, որ հանդիպումը կազմակերպուեցաւ՝ հիմք ընդունելով ՀՀ նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեանի առաջարկը,
զոր ներկայացուց Քուէյթի Ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմին հետ առցանց հանդիպման ընթացքին. Տիկին Սարգսեանի գաղափարին հիմքը՝
Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցումն էր, առ այդ ան կեանքի կոչեց «Գրչի ընկեր» խորագիրը կրող հանդիպումը,
որուն իրականացումը լիարժէքօրէն ծառայեց այդ նպատակին։
https://www.facebook.com/armschool.anniversary/videos/3395101410534409

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...