27
Jul

Գրչի Ընկեր. Քուէյթի Ազգային եւ Երեւանի Յ. Օշական Վարժարանները Դարձան Քոյր Դպրոցներ

Այսօր, ՀՀ Նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեանի ստեղծած «Գրչի ընկեր» ծրագրի ծիրէն ներս, ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքի նախաձեռնութեամբ` տեղի ունեցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի եւ Երեւանի Յակոբ Օշական Դպրոցի Տնօրէններու փոխտնօրէններու եւ շարք մը ուսուցիչներու առցանց հանդիպումը, որուն ընթացքին վարժարաններու ղեկավարները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս նախաձեռնութեան իրականացման համար։ Հանդիպման ընթացքին Քուէյթի Ազգային վարժարանի փոխ տնօրէն Կարօ Արսլանեան, որպէս հանդիպման կազմակերպիչ, կարդաց ՀՀ նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեանի խօսքը՝ ուղղուած հանդիպման մասնակիցներուն, ուր մասնաւորապէս ըսուած էր,-

«Կ’ողջունեմ երկու դպրոցներուն միջեւ ստեղծուած բարեկամութիւնը: Ուրախ եմ, որ այդ բարեկամութեան հիմքը մեր առաջարկած «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութիւնն է: Համոզուած եմ, որ անիկա եւս մէկ կամուրջ պիտի դառնայ Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման համար: Ուրախ եմ, որ այդ կապի շնորհիւ մենք եւս մէկ անգամ կը հաւաստիացնենք, որ մենք մէկ ազգ ենք, ունինք մէկ հաւատ ու մէկ լեզու՝ արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի միասնականութեամբ: «Հայկաշխարհ» մանկապատանեկան կայքը՝ ի դէմս Նայիրի Մկրտիչեանի, կը կատարէ շնորհակալ գործ՝ իրարու կապելով Քուէյթի հայ ազգային վարժարանի եւ Երեւանի Յակոբ Օշականի անուան դպրոցի սաները: Ես կը գնահատեմ անոր կարեւոր դերը, որուն շնորհիւ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի պատանի զաւակները, որպէս «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան մասնակիցներ, պիտի կարենան աւելի շատ շփուիլ՝ իրենց սրտի եւ հոգիի խօսքը ուղղելով նամակներու միջոցով: Յոյսով եմ, որ օր մը անոնք կը հանդիպին իրարու, եւ անոնց նամակները կը վերածուին կենդանի շփումներու»:

Նունէ Սարգսեան

Ողջոյնի եւ ծանօթացման զրոյցէն ետք քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց արդիւնքով՝
-Երկու դպրոցները յայտարարուեցան քոյր դպրոցներ,
-Երկու դպրոցներուն միջեւ պիտի կազմակերպուի եւս մէկ աշակերտական հանդիպում, զոր պիտի վարեն աշակերտները՝ առանց մեծերու միջամտութեան,
-Երկու դպրոցներու մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուի առցանց մշակութեային ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի «Գրչի ընկեր» ծրագրի ծիրէն ներս նախատեսուած բանաստեղծական մրցոյթին արդիւնքները,
-Երկու դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ նամակագրական կապ հաստատելու համար ելեկտրոնային հասցէները պիտի փոխանցուին ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի միջոցով։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...