28
Jul

Հալէպ-Տաւուշ-Գիւմրի Նոր «Կամուրջ». Նունէ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Անձնակազմին Հետ

ՀՀ Նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան, այսօր առաւօտեան, յաջորդական առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի

7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն, ապա ուսուցչական կազմին հետ, ներկայութեամբ դպրոցի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանի։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքին նախաձեռնութեամբ իրականացուած այս հերթական հանդիպումը եւս տուաւ իր դրական արդիւնքը.

Տիկին Սարգսեան՝ իր ողջոյնի խօսքով՝ ներկայացուց հանդիպման նպատակը, որ կը միտի Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման։

Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս հանդիպման համար, ինչպէս նաեւ իրենց մտահոգութիւնը՝

Տաւուշի մէջ ապրող իրենց հասակակիցներու ապրած դժուարին օրերուն վերաբերեալ։

Անոնք հետաքրքրուեցան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կապ հաստատել անոնց մասին տեղեկութիւններ իմանալու համար։

Առ այդ, Տիկին Սարգսեան ներկայացուց իր «Գրչի ընկեր» ծրագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի երեխաներու միջեւ նամակագրական կապ հաստատել

եւ տարբեր ծրագրեր իրականացնել։ Նոյն ծրագրի ծիրէն ներս՝ որոշուեցաւ  հիմք դնել եւս մէկ կամուրջի, որ

կը սկսի  Հալէպէն՝ հասնելով Տաւուշ եւ Գիւմրի։ Հալէպի աշակերտները ելեկտրոնային նամակներ պիտի գրեն

Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիր Աղբիւր  գիւղի Լեւոն Ադամեանի անուան միջնակարգ դպրոցի

եւ Գիւմրիի Ակադեմիական վարժարանի աշակերտներուն, պատասխան նամակները ստանալէն ետք տեղի պիտի ունենան առցանց ծանօթացման հանդիպումներ,

ապա արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն եւ հակառակը փոխադրութեան առցանց մրցոյթ, որուն յաղթողները պիտի արժանանան նախագահի Տիկնոջ պարգեւին ։

Ուսուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ Տիկին Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անձնակազմին, իրենց նուիրական աշխատանքը կատարելու

եւ օտար ափերու մէջ հայերէնը վառ պահելու համար, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ լեզուի երկու ճիւղերու արժէքներուն եւ զանոնք պահպանելու կարեւորութեան մասին։

Ուսուցիչները, իրենց հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեցին հանդիպման համար եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն համարեցին Տիկին Սարգսեանի ներկայացուցած բոլոր ծրագրերը,

որոնք միտուած են Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...