05
Feb
Ռուսիոյ ՄԷջ Գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեանը «Արցախ»-ի Երաժշտութեան Ներքոյ Ելոյթով 2-րդ տեղը Գրաւած Է
Ռուսիա բնակող գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեանը՝ 2-րդ տեղը գրաւած է Գրասնոյարսկի մէջ կայացած ՌԴ առաջնութեան, ելոյթ ունեցած է «Արցախ» ստեղծագործութեան հնչիւններու ներքոյ: «Արցախ» ստեղծագործութիւնը կը խորհրդանշէ Լեռնային Ղարաբաղի պայքարը:
13 տարեկան Ատելիա Պետրոսեանը ըսած է. «Ազատ ծրագիրիս երաժշտութիւնը հայ երգահան Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութիւնն է, իսկ ես հայ եմ հօրս կողմէն: Վերջերս Հայաստան պարտուեցաւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմին եւ Արցախէն մաս մը անցաւ Ատրպէյճանին: Ինծի համար շատ կարեւոր էր, քաջալերել իմ ժողովուրդս, որուն արիւնը կը հոսի երակներուս մէջ, եւ որ Արցախը վերադարձնեն Հայաստանին: Ես ինքս, ցաւօք, Արցախ չեմ գացած, բայց կ՛ուզեմ յաղթել սառիւցի վրայ իմ երկրիս պատիւը բարձր պահելու համար», կը գրէ sport-express.ը: