16
Mar

Ուկանտացի 7 Տարեկան Կրահամ Շէման` Օդաչու

Ուկանտացի 7-ամեայ փոքրիկը իր երկրին մէջ զարմացուցած է` օդանաւ քշելու վարպետութեամբ,

արդէն զինք կը կոչեն «Քափթըն»: Գերմանիոյ դեսպանը եւ երկրի փոխադրութեան նախարարը զինք հանդիպումներու հրաւիրած են:

Երբ Կրահամ 3 տարեկան էր, ոստիկանութեան ուղղաթիռներէն մէկը այնքան ցածէն անցած է,

որ ան թռցուցած է Կրահամի մեծ մօր տան տանիքը, մինչ Կրահամ կը խաղար բակին մէջ:

Այս պատահարը տպաւորած է փոքրիկը, ան սկսած է օդանաւներու մասին անվերջանալի

հարցումներ ուղղել մօրը:

Կրահամ այնքան հետաքրքրուած էր օդանաւներով, որ անոր մայրը զայն արձանագրած է

թռիչքի մօտակայ դպրոցի մը մէջ, եւ Կրահամ սկսած է սորվիլ օդանաւներու կտորներու եւ թեքնիք

բաժիններու մասին:

Հինգ ամիս ետք ան սկսած է թռիչքի դասերը: Արտայայտուելով  իր առաջին թռիչքի մասին` ան ըսած է,

թէ զգացած էր դէպի երկինք բարձրացող թռչունի մը նմանի:

Կրահամի նախասիրած նիւթերը թուաբանութիւնն ու գիտութիւնն են: Անոր երազն է օր մը դառնալ

օդաչու եւ աստղանաւորդ:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...