13
May

«Տեսնես` մեր տունը վառեցի՞ն, թէ՞…». 14–ամեայ Ժասմինի գիրքին մէջ մենք յաղթած ենք պատերազմը

14-ամեայ Ժասմին Հայապետեանի գիրքերը հազարաւոր օրինակներով կը վաճառուին

ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ: Գիրքերը լոյս տեսած են նաեւ արեւմտահայերէնով,

շուտով կը թարգմանուին ռուսերէն:

Տեսնես` մեր ընտանեկան ալպոմներն ի՞նչ եղան, իմ խաղալիքներն ինչ ըրին, մեր տունը վառեցի՞ն,

թէ՞ ուրիշները կ՛ապրին…Ասոնք հարցեր են, որոնք կը տանջեն 14-ամեայ Ժասմին Հայրապետեանը:

Արցախի Հատրութ քաղաքին մէջ   մնացած են Ժասմինի հայրական տունը, մեծհօր-մեծմօր

գերեզմանները, անոր մանկութեան այգին, խաղալիքներն ու յիշողութիւնները:

Չնայած տարիքին` աղջնակն արդէն երեք գիրքերու հեղինակ է: Սկսած է գրել 11 տարեկանէն:

Անոր «Սուպեր Նռանէ» վիպակի երրորդ հատորը ան սկսած է գրել 44–օրեայ արցախեան պատերազմի

ընթացքին: Գիրքին մէջ կը նկարագրուին  իրադարձութիւններ, որոնց բոլորս  ականատես եղած ենք:

«Իմ գիրքիս մէջ պատերազմը սկսաւ չարի ու բարիի միջեւ, որովհետեւ բարին ներսէն ճեղքուած է,

յայտնուած էին դաւաճաններ ու մարդիկ կորսնցուցած  էին այն արժէքները, որոնք անոնց կը պահէին

դրական յատկանիշներով` մասնաւորապէս բարութիւնը, հաւատքը, ինքնավստահութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, ներումն ու սէրը հայրենիքի հանդէպ: Գիրքիս մէջ պատերազմին՝ բարին

կը յաղթէ, որովհետեւ կը կարենայ վերագտնել այդ արժէքներն ու վերադարձնել մարդոց»,– Sputnik Արմէնիայի հետ զրոյցին ըսած է  Ժասմին:

Յատկանշական է, որ Ժասմինի գիրքերու հայ սուպերհերոսուհին չար ու մութ ուժերու դէմ կը պայքարի

հայկական խորհրդանիշներով` ծիրանի կորիզ, Նարեկ, նռան հատիկներ, արցախեան «Արծուագորգ»,

Մասիս սար, Արարատի վրայի Յակոբաց աղբիւրի ջուր, հայկական արծիւ, տուտուկ եւ այլն:

Իսկ ո՞վ է Ժասմինի սուպեր հերոսուհին: «Նռանէն»  հայ աղջկայ, հայ կնոջ հաւաքական կերպարն է, որ հայրենասէր է, խիզախ, ինքնավստահ, նպատակասլաց, քնքուշ, սիրող, ու տղամարդու`Գոդի հետ մէջք

մէջքի տուած` կը փրկէ երկիրը չարէն եւ մութ ուժերէն:

Իսկ թէ ինչու «Նռանէ», Ժասմին կը բացատրէ, որ նախ գեղեցիկ անուն է, բացի այդ, Տիգրան Մեծի քրոջ

անունն է, իսկ Տիգրան Մեծի օրօք մենք ունէինք ծովէ ծով Հայաստան:

Ժասմին կը շարունակէ ստեղծագործել: Կը վստահեցնէ, որ պիտի գրէ նաեւ գիրքի 4-րդ մասը:

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...