02
Jun

20 օտար լեզու, 8 մարզական խմբակ, 6 երաժշտական գործիք. երեւանցի հրաշամանուկը

Մենուա Մելիք-Հայկազեանը սովորական երեխայ է` օրուայ անսովոր ծրագիրով, այնքան անսովոր,

որ ինքն ալ  անսովոր ու իւրայատուկ  դարձած  է:

Տղան գիտէ 20 օտար լեզու, միաժամանակ կը նուագէ 6 երաժշտական գործիք, կը յաճախէ 8 մարզաձեւի, ներառեալ` ճատրակ, կը յաճախէ պարի, վոկալի, նկարչութեան, մտաւոր ուսողութեան եւ այլն:

Մենուայի մայր՝ Նունէ Մելիքեանի խօսքով, «Երբ Մենուան ծնաւ, սկսանք անոր Տոմանի կրթական

մեթոտով զարգացնել (Տոմանի մեթոտը կը կիրառուի զարգացման յապաղում եւ լիարժէք զարգացում

ունեցող երեխաներու պարագային): Օրինակ` այս մեթոտով Մենուան 9 ամսականէն արդէն առանց

բռնելու կը քալէր:

«Երբ Մենուան խօսիլ սկսաւ, հայրը անոր զուգահեռ անգլերէն ու ռուսերէն  սորվեցուց: Մէկ տարեկանին

Մենուայի համար անգլերէնն ու ռուսերէնը մայրենիին հաւասար էին: 2-3 տարեկանին գիտէր նաեւ

ֆրանսերէն, գերմաներէն: 4 տարեկանէն արդէն  սկսաւ չինարէն սորվիլ, յետոյ` հնդկերէն, ապա

սանսքրիտ (հնդկերէն հին գրական լեզու` բարդ քերականութեամբ), որմէ յետոյ` պարսկերէն, արաբերէն

եւ այդպէս շարունակ»:

«Մինչեւ դպրոց երթալը Մենուան արդէն կը յաճախէր նկարչութեան, պարի, լողի, քառաթէի, գեղասահքի,

մտաւոր թուաբանութեան եւ այլ խմբակներ: Կը պարզուի` լեզուները անոր կ՛օգնեն նաեւ հաշուելու գործին

մէջ: Ընդամէնը 8 տարեկան է, բայց 8 նիշանոց թիւերը հանգիստ կը յիշէ ու կը հաշուէ: Մտաւոր

թուաբանութեան մրցոյթին 5 տարեկանին առաջին տեղը  գրաւեց, 7 տարեկանին մասնակցեցաւ

միջազգային մրցոյթի եւ  ստացաւ  ախոյեանական գաւաթը:

Երբ ընդունուեցաւ դպրոց, անոր գիտելիքները դեռ շատ աւելի էին: Ուսուցիչը անոր հետ առանձին

ծրագիրով կը պարապէր, երկրորդ դասարանի վարժութիւններ կու տար», կ՛աւելցնէ Մենուայի մայրը:

Մենուան երաժշտական դպրոց սկսած է յաճախել 4,5-5 տարեկանին: Ան կը նուագէ դաշնամուր,

պլոկֆլէյտա ու հարուածային գործիքներ, աւելի ուշ եւս 3 գործիք` կիթառ, ջութակ, ֆլէյտա: Ընդհանուր

առմամբ այս պահուն 6 գործիք կը նուագէ:

Ութ ամեայ փոքրիկը, «Արտ միւզիք» միջազգային փառատօնին 2-րդ տեղը գրաւած է, յետոյ ուրիշ մրցոյթի

մը ստացած է առաջին մրցանակը: «Կլոպալ Արթ ֆէստ» հանրապետական մրցոյթին առաջին մրցանակին արժանացած է միաժամանակ 3 գործիքէ` դաշնամուր, ֆլէյտա եւ մարիմպա:

Մենուան ոչ միայն կը նուագէ, այլեւ երաժշտութիւն կը գրէ: Առաջին երաժշտութիւնը գրած է 6 տարեկանին:

Նաեւ հրաշալի կը նկարէ: Իսկ 5 տարեկանէն կը յաճախէ պարի` «Բարեկամութիւն» մանկապատանեկան համոյթին:

Հրաշամանուկը  նաեւ  մարզական հետաքրքրութիւններ ունի: Կը յաճախէ 8 խմբակ` Ճատրակի նկատմամբ յատկապէս  հետաքրքրութիւնը մեծ է: 5 տարեկանէն կը մասնակցի ճատրակի մրցոյթներու եւ որակաւորման մրցաշարերու:

Ինչ խօսք, 8-ամեայ երեխայի համար այս ծրագիրն  առաջին հայեացքէն, անհաւանական կը թուի: Բայց

Մենուայի մայրը կը վստահեցնէ, որ երեխան ժամանակ  կ՛ունենայ նաեւ  հասակակիցներու հետ խաղալու,

«շատ կը սիրէ յատկապէս տարբեր լեզուներով հէքիաթներ կարդալ»:

Այսքան բազմազան զբաղումներու մէջ Մենուան դեռ չէ կողմնորոշուած, թէ որ մէկը աւելի կը սիրէ: «Բոլորը,-

կ՛ըսէ ան: Հարցին, թէ ինչ կ՛ուզէ դառնալ, կը պատասխանէ. «Ամէն ինչ»: Իսկ լեզուներէն, օրինակ,

ամենաշատը չինարէն կը սիրէ: «Դժուար է, ատոր համար կը սիրեմ»,-կ՛ըսէ:

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...