Գիտենք, որ՝
-Կաթը կ՝ամրացնէ ոսկորները
-Սոխը օգտակար է պաղ առնելու պարագային
-Ստեպղինը կը լաւացնէ տեսողութիւնը
Սակայն մթերքներու օգտակար յատկութիւնները եւ տարբեր հիւանդութիւններու դէմ անոնց
պայքարելու կարողութիւնը կը զօրանայ, եթէ անոնք ճիշդ համադրէք մէկը միւսին հետ:
12 ամենահզօր «համադրութիւնները»՝
-Ստեպղին+կոճապղպեղ+խնձոր. այս համադրութիւնը կը պահպանէ եւ կը զօրացնէ
դիմադրողականութիւնը:
-Խնձոր+վարունգ+նեխուր. կը կանխէ քաղցկեղը, կ՝իջեցնէ քոլեսթերոլը, կը վերացնէ ստամոքսի
խանգարումը եւ գլխացաւը:
-Լոլիկ+ստեպղին+խնձոր. կը լաւացնէ մաշկի գոյնը եւ կը վերացնէ տհաճ հոտը բերանէն:
-Կծու պղպեղ+խնձոր+կաթ. կը կանխէ տհաճ հոտի յառաջացումը բերանէն եւ կ՝իջեցնէ ջերմութիւնը:
-Նարինջ+կոճապղպեղ+վարունգ. կը լաւացնէ մաշկի գոյնը, կը խոնաւցնէ զայն եւ կ՝իջեցնէ ջերմութիւնը:
-Անանաս+խնձոր+ձմերուկ. կը հանէ աւելորդ աղերը, կը լաւացնէ միզապարկի եւ երիկամներու
աշխատանքը:
-Խնձոր+վարունգ+քիուի. կը լաւացնէ մաշկին գոյնը եւ կը խոնաւցնէ զայն:
-Տանձ եւ պանան. կը կարգաւորէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ:
-Ստեպղին+խնձոր+տանձ+մանկօ. կը բարձրացնէ մարմնի ներքին ջերմութիւնը, կը պայքարի թոյներու
եւ մարմնի թթուայնութեան դէմ, կ՝իջեցնէ արեան ճնշումը:
-Խաղող+ձմերուկ+կաթ.կենսանիւթ C + կենսանիւթ B2, որոնք կը մեծցնեն բջիջային աշխուժութիւնը եւ կը բարձրացնեն դիմադրողական համակարգը:
-Փափայա+անանաս+կաթ. վիթամին C, E, երկաթ. կը լաւացնէ մաշկի գոյնը եւ մարսողութիւնը:
-Պանան+անանաս+կաթ. հարուստ է վիթամիններով եւ կը կանխէ փորկապութիւնը: