Օսմանեան իշխանութիւնները 1894թ. չկարենալով ընկճել սասունցիներուի դիմադրութիւնը, կ’որոշեն նոր արշաւանք կազմակերպել: Անոնք կ’ուզէին վերացնել արեւմտահայութեան ազատագրական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:
Անոնք 1902-1904թթ. ընթացքին զօրամասեր կը տեղափոխեն Մշոյ դաշտ եւ Սասուն: Զօրքերու թիւը կը հասնէր 10 հազարի: Անոնց կը միանան շուրջի քրտական մի քանի ցեղեր:
Սասունցիներ եւս կը պատրաստուին: 1902-1904թթ. Դաշնակցութիւն եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները կը կազմակերպեն հայդուկային եւ զինատար խումբերու անցումը Արեւմտեան Հայաստան: Սակայն գրեթէ բոլոր խումբերը, ճանապարհին կռուի բռնուելով ռուս սահմանապահներու, թուրքական զօրքի եւ քրտական ջոկատներու հետ, չեն հասնիր իրենց նպատակին: Չեն յաջողիր Սասուն ուղարկել նախատեսուած օգնութիւնը:
1903թ. աշնան Սասունի Գելիէգուզան գիւղի մէջ տեղի ունեցաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներու եւ շարք մը գիւղերու աւագներու ու քահանաներու ժողով: Ընտրուեցաւ զինուորական խորհուրդ: Անոր անդամներն էին Անդրանիկը, Սեպուհը (Արշակ Ներսիսեան), Կայծակ Առաքէլը (Տիգրան Աբաճեանան), Սեբաստացի Մուրատը, Սմբատը եւ ուրիշներ: Ինքնապաշտպանութեան ղեկավար ընտրուեց Անդրանիկը:
Գնդացիրներով զինուած 10 հազար թուրք զինուոր, 5 հազար զինուած քրտեր կը կռուէին 200 հայդուկ եւ 1000 սասունցիներու դէմ: Հայերը կը պաշտպանէին տեղի 12 հազարի հասնող բնակչութիւնը:
1904թ. Ապրիլ 1-ին կը սկսի Սասունի վրայ օսմանեան ուժերու յարձակումը հիւսիսէն եւ հարաւէն: Անոնց կը դիմագրաւեն Հրայրի եւ Գէորգ Չաուշի ուժերը: Հայ ինքնապաշտպանները կը նահանջեն Տալւորիկ: Ապրիլի 6-ին թուրքերը կ’անցնին լայնածաւալ հարձակման: Հրայրը իր մարտիկներով կը կասեցնէ հակառակորդի յառաջխաղացումը: Թուրքերը, սակայն, լրացուցիչ ուժեր կը կեդրոնացնեն եւ հրետանիի կրակի ներքոյ կ’անցնին յարձակման: Հրայրը կը զոհուի:
Սասունցիները կը շարունակեն մարտը՝ կանգնեցնելով հակառակորդի յարձակումը: Թուրքերը կը նահանջեն մինչեւ Շէնիկ:
Ապրիլ 15-ին օսմանեան հրամանատարութիւնը կը նախաձեռնէ նոր յարձակում: Հայերը կը դիմագրաւեն 20 անգամ իրենց ուժերը գերազանցող ուժերը: Սասունցիներու ինքնապաշտպանութեան վերջին օճախը կը պաշտպանէին Անդրանիկի գլխաւորած մարտիկները: Ապրիլ 22-ին թրքական զօրքերը կը գրաւեն Գէլիէգուզանը: Ինքնապաշտպանները 10 օր շարունակ անհաւասար մարտեր կը մղեն՝ ապահովելով խաղաղ բնակչութեան նահանջը Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերը:
Դիմադրական կռիւները կը շարունակուին մինչեւ 1904թ. Յուլիսի կէսերը: Հայերը կը շարունակեն շարք մը յաղթանակներ տանիլ: Ուժերը, սակայն, անհաւասար էին: 1904թ. Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը կ’աւարտի հայերու պարտութեամբ:
Օսմանեան իշխանութիւնները կը փորձեն սասունցիները վերաբնակեցնել Մշոյ դաշտի մէջ: Լեռնականները, սակայն, ոչ միայն կը մերժեն կատարել անոնց պահանջը, այլեւ կը սպառնան կրկին զէնքի դիմել: Ի վերջոյ, իշխանությինները կը ստիպուին թուլատրել սասունցիներուն վերադառնալ Սասուն:
Սասունի մջ հայերը ունեցան շուրջ 7 հազար զոհ: Աւերակ դարձան եւ թալանուեցան 42 գիւղ: