16
Feb
Տիեզերագնացը Վանայ Լիճի Լուսանկարով Շնորհաւորած Է Բոլորի Սիրոյ Տօնը
Ռուս տիեզերագնաց Սերգէյ Ռեազանսքին շնորհաւորած է բոլորը Սբ. Վալենթայինի օրուան առթիւ եւ հրապարակած Վանայ լիճի` տիեզերքէն կատարուած լուսանկարը:
Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած է հայկական Վանայ լիճը (կը գտնուի այժմեան Թուրքիոյ տարածքին), որ սրտի ձեւ կը յիշեցնէ:
«Կը շնորհաւորեմ բոլորը Սուրբ Վալենթային օրուան առթիւ: Ահա յայտնի աղի Վանայ լիճը այսպիսի պատկեր պատրաստած է մոլորակի բնակիչներուն համար»,- լուսանկարը մեկնաբանած է Ռեազանսքին:
