02
Jun
Պոսթոնի Ս. Ստեփանոս Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Հայաստան (լուսանկարներ)
Պոսթոնի Ս. Ստեփանոս վարժարանի աւարտական` հինգերորդ դասարանի աշակերտները երկու շաբաթով այցելեցին Հայաստան։
15-րդ տարին է, որ դպրոցը կը կազմակերպէ շրջանաւարտ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն այցը Հայաստան: 15 այցերու ընթացքին խումբին ընկերակցած է անոնց հայրենաւանդ ուսուցչուհին՝ Արտեմիս Մկրտիչեան։
Երկու շաբաթներու ընթացքին խումբը այցելած է Հայաստանի տարբեր տեսարժան վայրեր՝ հասնելով մինչեւ Արցախ, ինչպէս նաեւ մէկ օր անցուցած է Երեւանի Աւետիսեան դպրոցի աշակերտներուն հետ։