1- Թուղթը հնարած են Չինաստանի մէջ 1800 տարի առաջ, բայց պատրաստման եղանակը 600 տարի գաղտնի պահած են։

2-Գիտնականներէն շատեր կ’ենթադրեն, որ Եգիպտոսի բուրքերը կառուցելու ժամանակ հիմք ընդունած են արեւի շողերը, որոնք կը յիշեցնեն բուրքի ձեւը։

3-Շատեր համոզուած են, որ բուրքերու բեկորներու տեղափոխման ժամանակ անոնց օգնած են այլմոլորակայինները։

4-Երկրի ոսկիի 99%-ը կը գտնուի երկրի միջուկին մէջ։

5-Թիթեռնիկները նեկտարի բուրմունքը կը զգան իրենց թեւերուն միջոցով։

6-Գորտերը ուտելիքը կլլելու համար կ’օգտագործեն իրենց աչքերը։

7-Գոյութիւն ունի մետուզա կոչուող կենդանին, որուն turritopsis nurticula տեսակը անմահ է, եթէ ան ուրիշ կենդանիներու համար կեր չդառնայ՝ կրնայ անընդհատ վերականգնել իր բջիջներն ու յաւերժ ապրիլ։

8-Դելփինները գիտեն իրենց կողմէն յօրինուած ընկերներուն եւ ծանօթներուն անունները, անոնք ծանօթանալու ժամանակ կը բարեւեն եւ իրարու կը դիմեն անուններով։

9-Ֆլամինկոներու (հրաթեւ, կարմրաթռչուն) խումբը կը կոչուի «Գապարէ»։

10-Կատուի ձագերը՝ փիսիկները, կը ծնին խուլ եւ կոյր։

Նիւթը պատրաստեց եւ նկարազարդեց՝
Արեգի Տաղլեան
11 տարեկան
Երեւան
