05
Jul
Ռաֆայէլ Յարութիւնեան՝ Ըմբշամարտի Արծաթէ Մետալակիր
Խորուաթիայի Զակրեպ քաղաքի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Աշխարհի պատանեկան առաջնութեան հիանալի ելոյթ ունեցած է վերջերս Եւրոպայի ոսկէ մետալակիր դարձած Ռաֆայէլ Յարութիւնեան:
Ան 45 քկ քաշային կարգին եզրափակիչ հասած էր առանց միաւոր տալու մրցակիցներուն։ Ցաւօք եզրափակիչին մեր ըմբիշը 0։3 հաշուով զիջած է իրանցի Ռահման Ամուզադխալիլիին՝ արժանանալով արծաթէ մետալի։