Թաժ Մահալը համաշխարհային ճարտարապետութեան եզակի նմուշներէն մէկն է, որ ունի հնդկական, իսլամական եւ պարսկական ճարտարապետական գեղեցիկ տարրեր:
Մեծ մոնղոլներու կայսրութեան տիրակալ Շահ Ճահանը, որ կառավարած է 1627-1658 թթ, այնքան կը սիրէր իր կինը՝ Մումթազ Մահալը (հայուհի), որ զինք իր հետ կը տանէր գրեթէ ամէն տեղ՝ մարտերու, պատերազմներու, ուր կնոջ ներկայութիւնը արգիլուած էր:

Համատեղ կեանքի ընթացքին անոնք ունեցած են 14 երեխայ՝ 6 աղջիկ, 8 տղայ, սակայն ողջ մնացած են միայն 8-ը՝ 4 տղայ, 4 աղջիկ:
14-րդ երեխայի ծնունդի ժամանակ, դժբախտաբար, Շահ Ճահանի սիրելի կինը կը մահանայ 38 տարեկան հասակին: Մահէն առաջ Մումթազ երկու բան կը խնդրէ ամուսինէն՝ առաջինը՝ շարունակել հաւատարիմ մնալ կնոջը մինչեւ կեանքի վերջ, երկրորդը՝ կառուցել իւրօրինակ շինութիւն մը, որը կը խորհրդանշէ անոնց յաւերժական սէրը:
Սիրելիի մահէն ետք Շահը երկու տարի շարունակ սուգ կը յայտարարէ, այդ ընթացքին բացարձակապէս կ’արգիլուի երգեր հնչեցնել, պարել, տօնական օրեր նշել:
1632 թ. Շահ Ճահանը, ինչպէս եւ խօսք տուած էր, կը սկսի սիրոյ խորհրդանիշ կառոյցի շինութիւնը: Պարսկաստանէն, Միջին Ասիայէն ժամանած լաւագոյն 22 000 վարպետները միասին կը սկսին աշխատանքը:
Թաժ Մահալը կառուցեցին ամբողջութեամբ մարմարէ: Անիկա զարդարուած է ամենաթանկարժէք քարերով, իսկ կից պարտէզը ունի կատարեալ յատակագիծ: Ըստ բոլոր ժամանակներու ուսումնասիրողներու՝ Թաժ Մահալի ճարտարապետութիւնը չունի որեւէ թերութիւն, անիկա կառուցուած է կատարեալ համաչափութեամբ. Ամենագեղեցիկն այն է, որ տաճարի դիմաց գտնուող հսկայական լողաւազանի մէջ կ’արտացոլուի դամբարանը իր ողջ մեծութեամբ:
Շինութիւնը ունի մօտ 75 մ բարձրութիւն, հինգ գմբէթ եւ 4 մինարէ:

Ո՞վ է Մումթազ Մահալ
Մումթազ Մահալը (Հեղինէն) ծնած է 1593 թուականին, հնդկական արքունիքի հայ պաշտօնեայ Ասաֆ խանի ընտանիքին մէջ:
Ստացած է ժամանակի հիմնական կրթութիւն, ունեցած է կանացի նրբագեղութիւն, գեղեցկութիւն եւ եղած է բաւական նրբանկատ: Հօր պաշտօնին պատճառով մօտ եղած է հնդկական արքունիքին:
1612-ին գահաժառանգ Խուրամի խան կ՛ամուսնանայ անոր հետ: 1627 թուականին գահաժառանգ Խուրամի խանը կը դառնայ Հնդկաստանի թագաւոր: Թագադրութենէն ետք Խուրամի խանը կ՛անուանափոխուի եւ կը կոչուի Շահ Ճահան:
Հնդկաստանի հայ թագուհի Մումթազ Մահալ իր մահկանացուն կնքած է 38 տարեկանին, 1631 թուականին, Հնդկաստանի Պուրհան Նուրէ բնակավայրին մէջ, ուր հողին յանձնուած է: Սակայն, քիչ ժամանակ ետք անոր աճիւնը տեղափոխուած է Ագրա եւ հողին յանձնուած` Ճամնա գետի ափին: Այստեղ թագաւոր ամուսին Շահ Ճահանը իր սիրեցեալ թագուհիին գերեզմանին վրայ կը կառուցէ (1630-1652) աշխարհահռչակ մզկիթ-դամբարանը` Թաժ Մահալը:
Թաժ Մահալ հնդկերէն կը նշանակէ «Թագի պալատ»: Բանաստեղծները զայն կ՛անուանեն «Մարդկային սիրոյ յուշարձան», նաեւ` «Քարէն կերտուած բանաստեղծութիւն»:
