Բիւրականի աստղադիտարանը կը գտնուի Արագած լերան հարաւային լանջին՝ Հայաստանի
Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։
Աստղադիտարանը կազմուած է երկու մասէ՝ բնակելի աւանէ եւ գործառնական մասէ, որ կը
ներառէ դիտաշտարակները, վարչական եւ տարրալուծարանային շէնքերը, ժողովասրահը եւ
հիւրանոցը:
Արտաքին մուտքի աստիճանավանդակը ունի իւրահատուկ ճարտարապետական ոճ:
