Դիլիջան
Ըստ աւանդավէպի անտառի մէջ փոքրիկ ընտանիք մը կ’ապրէր: Անոնք աղջիկ մը ունէին, որուն անունը Դիլի էր: Աղջիկը յաճախ անտառէն ձայներ կը լսէր: Եւ ահա չարաբաստիկ օր աղջիկը կ’որոշէ երթալ ձայներու ետեւէն եւ կը մոլորուի անտառի մէջ: Ծնողները անդադար կը փնտռեն ու կը կանչեն Դիլի, Դիլի, Դիլի ջան: Ահա այստեղէն ալ յառաջացած է Դիլիջանի անուանումը:
Սեւան
Վանէն գաղթելէ յետոյ վանեցիները կու գան եւ կը հաստատուին Գեղամայ ծովի շրջակայքը: Անոնք կը մխիթարուին Գեղամայ ծովով եւ կ’ըսեն Սեւ Վան եկաւ մեր գլխուն: Եւ այսպէս ալ կը յառաջանայ Սեւանի անուանումը:
Սեւանի մասին կայ նաեւ այլ աւանդավէպ. Սեւանայ լիճի տեղը ցամաք էր՝ անտառապատ բլուրներով եւ դաշտերով: Գիւղի կողքին՝ բլուրի տակ, եղած է առատ աղբիւր մը, որմէ ջուր վերցնելու ժամանակ գիւղացիները կը հանէին ակունքի ահռելի փակիչը: Երեկոյ մը գիւղի հարսերէն մէկը կ’երթայ ջուր բերելու, կը հանէ փակիչը, կուժը կը լեցնէ ու կու գայ տուն՝ մոռնալով փակել ակունքը: Ջուրը կը ծաւալի չորս կողմը, երբ անիկա կը հասնի տուներուն՝ բնակիչները կը փախչին ըսելով. Քար դառնայ ան, ով բաց ձգած է ակունքը: Եւ մոռացկոտ հարսը քար կը դառնայ, իսկ ջուրը անընդհատ բարձրանալով կը դառնայ լիճ:
Շաքիի Ջրվէժ
Շաքին գեզեցկուհի մըն էր, որուն մասին շատերը կը խօսէին: Երբ արաբները կը յարձակին, սուլթանը կը հրամայէ Շաքին բերել իր մօտ: Շաքին կը մերժէ երթալ եւ կը նետուի ժայռէն, իսկ անոր հագուստի փէշերը կը տարածուին եւ կը յառաջանայ ջրվէժ, որ յետագային կը կոչուի Շաքիի ջիվէժ: