Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի կեդրոնը կը գտնուի իւրայատուկ «պուպրիկներու հիւանդանոց» մը: Հոն, այս նուրբ խաղալիքները կը նորոգուին կամ կը հաւաքուին զգուշութեամբ եւ սիրով` հինգ սերունդներէ ի վեր:
Իւրաքանչիւր պուպրիկ ունի իրեն յատուկ «հիւանդի քարտը»: Այս հիւանդները կը խնամուին փորձառու երեք «բժշկուհիներու» կողմէ: Այս կիները անոնց կը դնեն նոր աչք մը, թեւ մը կամ մազեր, որ կ՛ընտրեն պզտիկ դարակներու մէջ շարուած հարիւրաւոր կտորներէ:
1830-ին հիմնուած այս հաստատութեան անունը յիշուած է զբօսաշրջիկներու ուղեցոյցի գիրքերուն մէջ` իբրեւ աշխարհի ամէնէն հին «պուպրիկներու հիւանդանոցներէն» մէկը, որ տակաւին կը բանի, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տասը ամէնէն շատ հետաքրքրական խաղալիքներու խանութներէն մէկը:
«Հիւանդանոցին» յաճախորդները թանգարաններ են, հաւաքածոներու սիրահարներ, սակայն յատկապէս` անհատներ, որոնք շատ կապուած են այս առարկաներուն:
Ընտանեկան այս հաստատութեան պատմութիւնը սկսած է 19-րդ դարուն: «Փոքրիկ պառաւ կին» մը` Քարլոթա տա Սիլվա Լուս իր ժամանակը կ՛անցընէր կտորէ պուպրիկներ շինելով` նստած իրեն ծանօթ բժշկական խոտեր եւ համեմներ ծախող անձի մը փողոցի թիւ 7 խանութին առջեւ Լիզպոնի Փրասա տա Ֆիկերայի մէջ, ուր բացօթեայ մեծ շուկայ մը գոյութիւն ունէր: