12-ամեայ Տղան Բացած է Իր Սեփական Դպրոցը (Արժանթին)
Արժանթինի մէջ բնակող 12-ամեայ Լէոնարտը Նիկանոր Կինտերոս, որը միջնակարգ դպրոցի աշակերտ է, իր սեփական դպրոցը ունի, այնտեղ դասերէն վերջ ան դասընթացներ կը կազմակեպէ այլ աշակերտներու համար:
Այս միտքը պատանի մօտ յառաջացած է է անցեալ տարի, երբ նկատած է է, որ երեխաներէն շատերը ետ կը մնան իրենց դասերէն եւ սորվելու փոխարէն ողջ օրը կ’անցնեն փողոցի մէջ:
Ան դիմած է իր տատկիկի օգնութեան, վերջինս անոր հետ իրենց տան մօտակայքին փոքրիկ դպրոց բացած: Դասերէն ետք ան ամէն օր կու գայ դասաւանդելու: Լեոնարդոյի դպրոցը 36 աշակերտ ունի: Անոնց մեծ մասը իրմէ փոքր են, սակայն կան նաեւ մեծահասակներ:
Դպրոցը փոքր տեղ կը զբաղեցնէ, սակայն բոլոր աշակերտներն ալ նստարաններ ունին, ինչպէս նաեւ պահարանիկներ, գրատախտակ, փոքր գրադարան եւ զանգակ: Անոնք ամէն օր դասերը սկսելէն առաջ կը լսեն երկրի ազգային օրհներգը, ինչպէս սովորական դպրոցներու մէջ: Տղան ուսողութիւն, քերականութիւն եւ այլ առարկաներ կը դասաւանդէ՝ օգնելով երեխաներուն:
Լէոնարտը չի բացակայիր դպրոցէն: Դպրոցը օրէօր կը բարելաւուի տղայի արարքէն ոգեշնչուած կազմակերպութիւններու օգնութեամբ: