Վանայ Կատուն, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Հարստութիւնը

Վանայ կատուն ընտանի կատուներու ցեղատեսակ է, կը սերի Վանայ լիճի շրջակայ տարածքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական լեռնաշխարհէն։

Վանայ կատուն ճերմակ է, աչքերէն մէկը կապոյտ, իսկ միւսը՝ նարնջագոյն, պղնձագոյն կամ դեղին։ Ի դէպ տարիքի հետ կատուի աչքերուն գոյնը կրնայ փոխուիլ։

Վանայ անուանի կատուները շատ հազուագիւտ են, անոնց թիւը շատ նուազելէն ետք կրկին աճած է։

1992-ին, կատուները պաշտպանելու համար՝ Վանայ լիճի արեւելեան ափին, բացուած է յատուկ կեդրոն մը, ուր տարին կ’այցելէ մօտ 20 000 զբօսաշրջիկ, սկզբնական շրջանին կեդրոնը ունէր ընդամէնը 30 զտարիւն կատու, սակայն այսօր՝ կեդրոնը ունի մօտ 300։

Առանձնատան նմանող այս կեդրոնի մուտքին տեղադրուած է կատուի հսկայ քանդակը,

այնտեղ կան 10 օրականէն մինչեւ 20 տարեկան կատուներ։

Արգիլուած է Վանայ կատուները Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն դուրս հանել,  քանի որ անոնք կը համարուին ազգային հարստութիւն։

Կ’ըսե՛ն, որ խէթերը, ովքեր ապրած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Ք․ ա․ 1600 թ-ին, երկրպագած են Վանայ կատուն՝ զիրենք պատկերելով բազմաթիւ զարդերու վրայ։

Որոշ առասպելներու համաձայն՝ Վանայ կատուները դէպի ափ լողացեր են Նոյի տապանէն։

Վանայ կատուները այնքան կը սիրեն ջուրը, որ տեղի գործարար մը նոյնիսկ երեք լողաւազան կառուցեր է անոնց համար։

Կատուն մարդու հետ ընտելացած է մօտ 9500 տարի առաջ, երբ մարդը անցած է ընտանի կեանքի եւ սկսած է զբաղիլ ցորենի աճեցմամբ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...