Ծոթրինին թարմ շունչը մեր լերան քարուտ գլուխն ու կողերը կը շոյէ այսօր:
Լեռը , որ դեռ նոր պատռեր ու մէկդի նետեր է իր ձիւնեղէն վերարկուն՝ նոր կեանքով մը
կը խտղտայ, նոր շնորհքով մը կ’աղուորնայ:
Արեգակը, վերէն, իր աչքը կը քթթէ ու ահա՝ մամուռը թաւիշէ նոր շուրջառներ կու տայ
ժայռերուն ուսը:
Վայրի թզենին դեղին ծիլեր կը շարէ իր մերկ ճիւղերուն երկայնքը:
Հիրիկն ու կուժտրուկը, զոյգ մը խելօք քոյրեր, կաթնագոյն գօտի մը կը բանին լերան չորս բոլորը:
Մրջիւնն ու սարդը, մողէզն ու մարախը իրենց պահուըտոցներէն դուրս կը պոռթկան եւ արեւին
դէմ բարեւի կը կանգնին:
Կրիան՝ իր կուզը շալկած՝ մօտակայ այգեստանին ճամբան կը հոտուըտայ:
Նապաստակը խենթ վազք մը կը փորձէ լեռն ի վար, բայց չի յաջողիր:
Վայրի աղաւնիները նոր ցանուած արտերէն կը դառնան կուշտ կտնամբարով եւ ժայռերուն
վերնատուները լեզուանի սէրերով կը շէնցնեն:
Լեռը շունչ կ’առնէ կու տայ, կ’ուռի, կը մեծնայ կարծես:
Հունա՝ լերան լանջքին վրայ կտոցուած պզտիկ քարերէն մէկը , գունտ ու կլոր, ոտքի կ’ելէ հիմա,
տոտիկ կ’առնէ, կը վազէ, իր ետեւէն՝ երեք պճլիկ քարեր, իրեն պէս գունտ ու կլոր, կը շարժին
կարճ ոստումներով:
Ո՞վ կեանք տուաւ այս քարերուն, ո՞վ թեւ հագցուց այս քարերուն:
Մայր կաքաւն ու իր ձագերն են, գորշ քարերուն քթէն ինկած, գորշ քարերուն գորշ գոյնովը նաշխուած:
Անծանօթ անկիւնէ մը հրացան մը կը պայթի սակայն, բոցեղէն լեզու մը կը շողայ ակնթարթ մը,
մուխի կապոյտ ժապաւէն մը կը գալարուի օդին մէջ ու ծուէն ծուէն կ’ըլլայ:
Մայր կաքաւը ՝ վերջին կանչը կտուցին՝ կ’իյնայ բաց գետնի վրայ: Ձագերը կ’անյայտանան:
Վայրի աղաւնիները կը լռեն, սուգ կը բռնեն:
Արեգակը ամպի ծծուն կտաւ մը կը սեղմէ իր պղտոր աչքին դէմ. սեւ շուք մը կ’իջնէ լերան վրայ:
Ծոթրինը իր խնկոտ տերեւները կը կծկէ ու ա՛լ չի բուրեր: Հիրիկն ու կուժ-կոտրուկը գլուխնին
կը կախեն եւ ա՛լ չեն ժպտիր:
Մայր լեռը՝ կաքաւին ձագերը իր քարէ թեւերուն տակ առած՝ իր մէկ զաւկին կորուստը կը
հեծկլտայ:
Որսորդը , հրացանը ուսէն կախ, տոպրակն ալ ձեռքը՝ դէպի գիւղ կը շտկէ քայլերը:
Կանգ կ’առնէ յանկարծ. կագաւի մը երգն է որ կու գայ իր ականջը կը շփէ: Արու կաքա՞ւն է
արդեօք որ իր ընկերոջ կարմիր մահը եւ ձագերուն կանանչ որբութիւնը կու լայ ցաւագին ,
խորունկ մեղեդիով մը:
Որսորդը ցից քարի մը ետին կ’անցնի, հրացանին կոթը ուսին դէմ սեղմած:
Հովերը բերան բերնի կը բերեն ու մէկ շունչով կը փչեն, մէկ կոկորդով կը գոռան, ամպերը իրար
կ’անցնին, իրարու հետ կը շաղուին ու երկինքին երեսը կը բռնեն:
Թանցր մութ մը լեռն իր թեւերուն տակ կ’առնէ:
Ու որսորդը, ճարը հատած , գեղին ճամբան կը խարխափէ:
Կաքաւին երգը, սակայն, լեռն ի վար կը սուրայ ու ժանգոտ նետի մը պէս , լեղի անէծքի մը պէս՝ որսորդին սիրտը կը ծակէ: Լեռը՝ որբ կաքաւները իր քարէ թեւերուն տակ առած՝ կը հեկեկայ ու կ’աղօթէ հիմա–«….Այլ փրկեա ի չարէն :»