Նաւասարդը հայկական տոմարի առաջին, իսկ ամրան վերջին ամիսն է:
Անիկա կազմուած է «Նաւ» (նոր) եւ «Սարդ» (տարի) արմատներէն եւ կը նշանակէ «Նոր տարի»:
Նաւասարդը ունեցած է 30 օր, սկսած է Օգոստոս11-ին եւ վերջացած Սեպտեմբեր 9-ին:
Հին Հայաստանի մէջ Նաւասարդի 1-ին (Օգոստոս 11) կը սկսէին նոր տարուան նուիրուած
տօնախմբութիւններն ու խրախճանքները, որոնք կը տեւէին մէկ շաբաթ:
18-րդ դարուն, երբ հայերը սկսան կիրառել Գրիգորեան օրացոյցը,
այլեւս չնշեցին այս ազգային տօնը:
Հանճա՛րդ Հայկեան, Նաւասարդեան սա տօներուն
Արեւափառ,
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն, եւ փառագոչ
Քնարդ ա՛ռ:
Յանու՜ն Ոյժին, յանու՜ն Գեղին, մտիր մեհեանն
Աստուածներուն
Ջահը ձեռքիդ՝ բագնէ բագին համասփռէ
Հուր ու արիւն:
Եւ բարձրացուր Անահիտի ծիծերն ի վեր
Բաժակդ նուռ,
Յետոյ զոհուող քերտողներուն սրտին վրայ
Լեցու՜ր, լեցու՜ր:
Զի մենք, յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս:
Դանիել Վարուժան