1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը համայն աշխարհին յայտարարեց իր Անկախութեան մասին:
Անկախութիւնը հռչակելով Արցախի Հանրապետութիւնը տասնեակ տարիներ առաջ՝ 1921-1923 թուականներուն, Ստալինի հակահայկական որոշման վրայ գիծ քաշելով՝ բռնեց իրական անկախութեան դժուարին ճանապարհը:
1990 թուականի Մարտին կործանման հասած ԽՍՀՄ պահպանման հարցով հանրաքուէ իրականացուց: Ատրպէյճանի ԽՍՀ-ն հանրաքուէին կողմ քուէարկեց: Ատրպէյճանը Անդրկովկասի մէջ միակ պետութիւնն էր, որ կողմ քուէարկեց խորհրդային համակարգի պահպանման: Ատրպէյճանցիներու 93,3% քուէարկեց «այո’»:
Հանրաքուէի իրականացումէն ետք Խորհրդային Ատրպէյճանի այն ժամանակուայ իշխանութիւնը աննախադէպ գործողութիւն իրագործեց: Իշխանութիւն, որ դեռ կը գտնուէր ուրիշ (խորհրդային) կայսրութեան հպատակութեան տակ, կեդրոնէն թոյլտւութիւն չունենալով (ինչը կը նշանակէր խորհրդային իրականութեան դէմ գործել) իրագործեց «Օղակ» ռազմաքաղաքական գործողութիւնը:
Ռազմական գործողութեան հիմնական նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը հայրենի հողէն տարհանումն էր: Խորհրդային Ատրպէյճանի ռազմական ստորաբաժանումները տասնեակ հայաբնակ գիւղ եւ այլ բնակելի տեղեր գրաւեցին: Օգոստոսի 30-ին ատրպէյճանցիները հռչակեցին իրենց անկախութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը օրհասական խնդիրի առջեւ էր՝ կամ նոր կազմաւորուած Ատրպէյճանի հպատակութեան տակ մնալ, ինչը բնակչութեան ընդհանուր կործանման ու Նախիջեւանի բնակչութեան բախտի կրկնութեան հաւասար էր, կամ ալ՝ պայքարիլ յանուն Անկախութեան:
Արցախի բնակչութիւնը կեանքի՝ պայքարի ճանապարհն ընտրեց: Ճանապարհ, որով քալելու համար հայերս չունէիք ո՛չ դաշնակից, ո՛չ աջակից, ո՛չ ալ բարեկամ: 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան մասին» Հռչակագիր ընդունեց: