Նամականի. Ֆրանսայէն ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին
Բարե’ւ, հայկաշխարհցինե’ր, խորապէս կը գնահատեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի՝
“Հայկաշխարհ” արեւմտահայերէն մանկական կայքէն ներս ձեր տարած ազգանուէր աշխատանքներուն համար։
Արեւմտահայերէն այսպիսի մատչելի եւ որակաւոր կայքերու ներկայութիւնը մեծ անհրաժեշտութիւն է հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար։
Ունիմ աշխոյժ եւ հայասէր երկու երեխաներ, որոնց արդէն շատոնց ծանօթ էին այս կայքին աշխատանքները։
Ներկայիս, մեր պաշտօնավարած Վալանսի Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան վարժարանի աշակերտութեան համար ալ արդէն ծանօթ են ձեր աշխատանքները։
Մեր աշակերտները (5֊15 տարեկան) հայկաշխարհցի Արեւիկէն ինչեր սորվեցան եւ դեռ շատ բաներ ալ պիտի սորվին։
Շնորհակալութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝
Բէկի Էքմանեան (Հալէպ, ներկայիս՝ Վալանս, Ֆրանսա)
Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան վարժարանի ուսուցչուհի