Արեւմտահայերէնի Ուսուցումը Հայաստանի Դպրոցներէն Ներս

Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր էութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն են։

«Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է ինձմէ: Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ` աւելի՛ զօրաւոր է, քան մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ:   Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ լեզուի պաշտպանութիւնը ազգի գոյատեւման պաշտպանութիւն է, իսկ այդ պաշտպանութիւնը պէտք է իրականցնել ղեկավարման ճիշդ ձեւով եւ յատուկ ռազմավարութեամբ։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է, իսկ տուեալ լեզուն ունի երկու ճիւղ, որոնցմէ մէկը արեւմտահայերէնն է։ Տարբեր տուեալներու համաձայն  Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով կը հաղորդակցին մօտ 1,7 միլիոն մարդ, բայց այդ թիւը օրէօր կը նուազի։ Այսօր, տարբեր պատճառներով, հայկական Սփիւռքի պայմանները հետզհետէ լեզուի պահպանման ու զարգացման համար կը դառնան աննպաստ եւ անհեռանկար։ Այնտեղ մայրենիի ուսուցումը առաւելաբար կը կրէ ոչ թէ ուսուցողական, այլ ճանաչողական բնոյթ, դասաւանդողներու մեծ մասն ալ ոչ մասնագէտներ են, իսկ դպրոցին մէջ լեզուն սորվեցնելու համար անհրաժեշտ են յատուկ մանկավարժներ եւ լեզուի գիտակներ, որոնց շա»քերը նոյնպէս կը նօսրաան:

Եթէ Մուշեղ Իշխանը ականատես ըլլար Սփիւռքի դպորցներու այսօրուայ իրավիճակին, պիտի համոզուէր, որ  «հայ լեզուն տուն է հայուն», բայց արդէն ոչ «աշխարհի չորս ծագերուն», եւ ձուլման «բուք»ը շատերուն կը սպառնայ։

Բրիտանացի փիլիսոփա, տրամաբան, պատմաբան, գրող, Պերթրանտ Ռասըլի (1872-1970)  կարծիքով «ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ’ըլլան», եւ կասկածէ վեր է, որ այդ անձնասպանութեան ամենաազդու խթանը կորուստն է մայրենիին,  որուն մէկ մասնիկը արեւմտահայերէնն է, մեր մշակութային աւանդոյթներուն եւ ժառանգութեան հաղորդակցութեան գեղեցիկ ու մեծ դարպասներէն մէկը։ Հետեւաբար արդէն ժամանակն է (թէեւ շատ ուշացած ենք), որ արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման երաշխաւորը դառնայ Հայաստանի պետութիւնը, եւ ոչ թէ օրէօր հիւծուող Սփիւռքը։

Մենք ունինք պետութիւն, որ պարտաւոր է պաշտպանել իր մշակութային գանձերը, եւ պէտք է պաշտպանէ օրէնսդրական յստակ կարգաւորումով, իսկ պաշտպանութեան գործելաձեւերէն մէկը ուսուցման կիրառումն է։ Արեւմտահայերենը, որ այսօր Հայաստանի կրթական կեդրոններէն ներս կը դասաւանդուի միայն՝  «Աւետիսեան» եւ իբրեւ դասական ուղղագրութիւն «Իրական» դպրոցներէն ներս, որպէս կրթական առարկայ պէտք է դասաւանդուի հայաստանեան բոլոր դպրոցներուն մէջ, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ ոչ միայն ծանօթ ըլլայ լեզուի այս ճիւղին, այլեւ հասկնայ եւ կարենայ շփուիլ անով։ Արեւմտահայերէն հսկայական գրականութիւն ունինք, եթէ լեզուն կորսնցնենք, կը կորսնցնենք նաեւ այդ գրականութիւնը վայելելու հնարաւորութիւնը։

Ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս դասաւանդել

Հայաստանի դպրոցներէն ներս արեւելահայերէնին զուգահեռ, արեւմտահայերէնը պէտք է դասաւանդուի իբրեւ լեզու, ոչ միայն գրականութիւն. գործող կրթական ծրագրին մէջ ներառուած արեւմտահայերէն գրականութիւնը անշուշտ անհրաժեշտ է՝ տուեալ գրականութեան մթնոլորտին ու ծալքերուն ծանօթանալու համար, բայց բաւարար չէ  լեզուն հասկնալու, եւ զայն կրողին հետ հաղորդակցելու կամ զինք հասկնալու համար, մանաւանդ, եթէ նկատի առնենք, որ այսօրուան արեւմտահայերէնը՝ զարգացում ապրելով, բաւական հեռու է Գրիգոր Զոհրապի, Վարուժանի կամ այլ դասականներու արեւմտահայերէնէն:

Արեւմտահայերէնի ուսուցման ժամերուն անհրաժեշտ է անցնիլ.

Հնչիւնաբանութիւն, որ կ’ենթադրէ ուղղախօսութիւն, այսինքն՝ լեզուի արտասանական չափանիշները, ուղղագրութիւնը եւայլն։

Բառագիտութիւն։ Բառային համակարգը, բառակազմութիւնը, բառի իմաստն ու անոր համեմատութիւնը արեւելահայերէնի հետ, որովհետեւ շատ յաճախ նոյն բառը արեւելահայերէնի մէջ կրնայ հակառակ իմաստը ունենալ, օրինակ ձգել բառը արեւելահայերէնի մէջ կը գործածուի իր քաշել իմաստով, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ՝ թողել, արձակել իմաստով։

Ձեւաբանութիւն։ Բառերու քերականական կարգերն ու քերականական ձեւերը։

Շարահիւսութիւն։ Բառերու կապակցուիւնն ու նախադասութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ շարահիւսութեան հիման վրայ ստեղծուող կէտադրութիւնը։

Այս բոլորը պէտք է ուսուցանել ժամանակակից արեւմտահայերէնով։ Լեւոն Շանթի, եւ այլ մեծերու ստեղծած գրականութեան հիման վրայ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը գործնական չէ, որովհետեւ դասականներու լեզուի մակարդակը շատ յաճախ հասանելի չէ նոյնիսկ արեւմտահայու համար, հետեւաբար այդ մէկը հիմք ընդունիլ, որպէսզի ներկայ շփումը հասնելի ըլլայ, անիմաստ է։ Պէտք է ապաւինիլ այժմէական ստեղծագործութիւներու կամ հրապարակումներուն՝ ցանկալի արդիւնքի մը հասնելու համար։

Պէտք է աշակերտը հասցնել այն մակարդակին, որ ան ի վիճակի ըլլայ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրութիւններ կատարել եւ նոր ուղղագրութեամբ գրուած գրութիւնները վերածէ դասական ուղղագրութեան կամ հակառակը։

Արեւմտահայերէնի ուսուցման ժամանակ պէտք է աշակերտը զերծ պահել տնային յանձնարարականներէն, այլապէս ի սպառ կը կորսնցնենք աշակերտի հետաքրքրութիւնն ու սէրը արեւմտահայերէնի նկատմամբ։

Պէտք է բացատրել շատ պարզ եւ յառաջանալ շատ դանդաղ քայլերով։

Այդ բոլորը պէտք է իւրացնել տալ դասարանէն ներս կատարուող գործնական աշխատանքներու միջոցով։

Պէտք է կեանքի կոչել մշակուած յատուկ ծրագիր մը, դասագիրք եւ աշխատանքային տետրակ։

Առարկայի ուսուցիչը անպայման պէտք է ըլլայ լեզուի կրողն ու միաժամանակ արեւելահայերէնին տիրապետող, որպէսզի աշակերտին հասանելի դարձնէ երկու ճիւղերուն տերբերութիւններն ու նրբութիւնները։

Այս բոլորի կիրառումը անկասկած կու տայ դրական արդիւնք եւ կը հրաժարինք այն կարծիքէն, որ արեւմտահայերէնի ուսուցումը կը խճճէ երեխան եւ շփոթի կը մատնէ:

Այն ժամանակ կարելի է վստահօրէն հաստատել Մուշեղ իշխանի տողերը

 

«Հո՛ն է միայն, որ կրնա գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժի մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթի՜ն ապագան…»

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...