Կին մը կ՛այցելէ իմաստունին ու կ՛ըսէ. -Տղաս շատ շաքար կ՛ուտէ, կը խնդրեմ ըսէ’ք, որ չի կարելի ուտել,
քանի որ ան Ձեզ շատ կը յարգէ ու կը լսէ:
Իմաստունը կը նայի երեխային ու կը պատասխանէ.
-Կը խնդրեմ երեխան քովս ձգեցէք ու վերադարձէք 3 շաբաթ ետք:
Կնոջ համար տարօրինակ էր այս արտայայտութիւնը:
Այսինքն` երեխային այդ պարզ բառերը ըսելու համար 3 շաբաթ սպասելը:
Բայց կինը կը հեռանայ ու 3 շաբաթէն կը վերադառնայ:
Իմաստունը կը խնդրէ, որ եւս 3 շաբաթ ժամանակ տայ իրեն:
Կինը կրկին կը հեռանայ ու կը վերադառնայ 3 շաբաթէն:
Այս անգամ արդէն իմաստունը տղուն կ՛ըսէ. -Որդիս, ուշադիր լսէ ինծի, շաքար չուտես, որովհետեւ անիկա վնասակար է առողջութեան:
Երեխան կը լսէ այս խօսքերն ու կ՛ըսէ. -Ուսուցիչ, եթէ Դուք կ՛ըսէք, ուրեմն ալ չեմ ուտեր:
Մայրը երեխան դուրս կը հանէ եւ կրկին կը վերադառնայ ուսուցիչին մօտ` հարցնելով.
-Բայց ինչո՞ւ այս պարզ բառերը ըսելու համար պահանջուեցաւ 6 շաբաթ:
-Հարցը այն է,-կը պատասխանէ իմաստունը,-որ ես նոյնպէս քաղցր շատ կը սիրէի:
Որպէսզի Ձեր որդիին շաքար չուտելու խորհուրդ տայի, պէտք էր ես ալ հրաժարէի շաքարէն:
Սկիզբը որոշեցի, որ 3 շաբաթը բաւարար է, սակայն սխալեցայ, 3 շաբաթ ալ պէտք եղաւ:
Մեզի միշտ ալ պէտք է արտաքին դրդապատճառ մը, որպէսզի յաղթահարենք մեր թուլութիւնը,
իսկ իմաստունը խորհուրդ կու տայ օրինակ ծառայելով: